
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քուէարկողներ արձանագրելու իր «Hye Votes» արշաւին համար վճարովի աշխատողներ սկսած է վարձելու. անոնք հաւանական քուէարկողներու հետ պիտի կապուին հեռաձայնելով կամ հանդիպումներ ունենալով։ Կը փնտռուին Էնսինոյի, Շըրմըն Օքսի, Ուոտլընտ Հիլզի եւ Վեն Նայսի մէջ աշխատողներ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել anna@hyevotes.org հասցէին։