ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կոչ ուղղեց Կազայի շրջափակումին վերջ տալու: Քի Մուն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց. «Նախկին կացութեան վերադառնալը ընտրանք մը չէ։ Տագնապի ետին գտնուող պատճառներու լուծման անմիջական կարիքը ունինք»:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը խոր մտահոգութիւն յայտնեց պաղեստինեան գրաւեալ հողերու մէջ հրեաներու բնակեցման աշխատանքներու շարունակման նկատմամբ՝ նշելով, որ անհրաժեշտ է «առանց յաւելեալ ուշացումի վերականգնել քաղաքական հեռանկարը»:
Քի Մուն ողջունեց Իսրայէլի, Պաղեստինեան իշխանութեան եւ ՄԱԿի միջեւ շինարարական նիւթերու դէպի Կազա ապահով մուտքը արտօնող եւ վերաշինութեան շուրջ եռակողմանի համաձայնութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ այդ համաձայնութիւնը շուտով կը գործադրուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.