
ՄԱՏՐԻՏ, «Ռոյթըրզ».- Աւելի քան հարիւր հոգի վրաններ տեղադրած են Քաթալոնիոյ մէջ սպանական կառավարութեան ներկայացուցչութեան շէնքին առջեւ, իբրեւ բողոք Սպանիոյ Սահմանադրական դատարանի որոշումին դէմ: Ոստիկանները փորձած են զիրենք հեռացնել մայթերէն, ուստի տեղի ունեցած են բախումներ: Վիրաւորներ չկան։
Բողոքի ցոյց կազմակերպուած է Քաթալոնիոյ անկախութեան համար պայքարող ձախակողմեան Ազգային միասնութեան խմբաւորումին կողմէ:
Յիշեցնենք, որ Շաբաթ օր Քաթալոնիոյ ղեկավար Արթուր Մաս ստորագրած էր Նոյեմբեր 9ին Սպանիայէն սոյն շրջանի անկախացման հարցով հանրաքուէ կատարելու մասին հրամանագիրը:
Սպանիոյ կառավարութիւնը Քաթալոնիոյ ղեկավարի որոշումը «սխալմունք» անուանած էր, իսկ երկրի Սահմանադրական դատարանը կասեցուցած էր որոշումին կատարումը: Այս բոլորին իբրեւ արդիւնք, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ փողոց դուրս եկած են՝ Քաթալոնիոյ մեծ քաղաքներու կառավարական շէնքերուն առջեւ բողոքի ցոյցեր կատարելու համար: Ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Մատրիտի մէջ։
Սպանիոյ վարչապետը յայտարարած է, որ կտրականապէս դէմ է հանրաքուէին եւ ամէն ինչ պիտի ընէ՝ անկախացման փորձերը կասեցնելու համար: