ԵՐԵՒԱՆ.- Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի հեռակայ ուսուցման ընդունելութեան պատասխանատու քարտուղար Մկրտիչ Ղուկասեան ձերբակալուած է կաշառք ստանալու պահուն:
Տեղեկատուութեան մէջ կը նշուի, որ Ղուկասեան ձերբակալուած է նախօրէին, ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) կողմէ ձեռնարկուած հետախուզական գործողութեանց արդիւնքով:
«Մկրտիչ Ղուկասեանը Երեւան քաղաքի բնակչուհի Ց. Յովհաննիսեանի՝ նոյն համալսարանում հեռակայ ուսուցմամբ ընդունուելու հարցը դրական լուծելու դիմաց՝ վերջինիցս պահանջել եւ ստացել է 1700 ԱՄՆ դոլար կաշառք», նշուած է տեղեկատուութեան մէջ:
Դէպքին առթիւ, ԱԱԾ Քննչական վարչութիւնը քրէական գործ յարուցած է, եւ նախաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.