

ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- «Պեվըրլի Հիլզ» պանդոկին մէջ տեղի ունենալիք շքեղ ճաշկերոյթի մը ընթացքին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ, AMAA) եւ Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանը Շաբաթ, Նոյեմբեր 15ին պիտի պատուեն երկու յարգելի անձնաւորութիւններ՝ դոկտ. Միհրան Աղպապեան եւ իրաւաբան Ճորճ Ֆիլիփս, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են այս զոյգ հաստատութիւններուն մէջ: Ճաշկերոյթի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ հռչակաւոր երգչուհի Քալեն Էսբերեան, իսկ հանդիսավարի պաշտօնը պիտի կատարէ Հէրի Նաճարեան:
Դոկտ. Աղպապեան համաշխարհային ճանաչում ունի երկրաշարժի ճարտարագիտութեան դաշտին մէջ: Ան եղած է հիմնադիր նախագահ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին, ինչպէս նաեւ կաճառի նախկին ատենապետն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (University of Southern California) ճարտարագիտութեան բաժանմունքին եւ արժանացած է «Էլիս Այլընտ» շքանշանին:
Իրաւաբան Ճորճ Ֆիլիփս եղած է Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախկին փոխնախագահներէն մին, ընտրուած է Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանի «Տարուան Անձաւորութիւն»ը եւ ծառայած է «Իկնէյշըս» հիմնարկին (Ignatius Foundation), որպէս վարչական խորհուրդի անդամ:
Երկու մեծարեալներն ալ եղած են ԱՀԱԸի վարչական խորհուրդի անդամ եւ երկար տարիներ մեծ նուիրումով օժանդակած են այս կազմակերպիչ զոյգ հաստատութիւններուն: Անոնց կողակիցները՝ Էլիզապէթ Աղպապեան եւ Սուզի Ֆիլիփս, եղած են «Հայկազեան» համալսարանի Լոս Անճելըսի Տիկնանց օժանդակ մարմինի եւ ԱՀԱԸի Մանուկներու եւ որբերու յանձնախումբի հիմնադիր անդամներ, եւ կը շարունակեն ծառայել մինչեւ այսօր:
Ճաշկերոյթին ընթացքին, իրենց ողջոյնի խօսքը պիտի հաղորդեն Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նորընտիր գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, ինչպէս նաեւ «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ՝ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Ճաշկերոյթի յանձնախումբի ատենապետներն են Ճոյս Ապտուլեան եւ Քեն Գէորգեան:
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Նիւ Ճըրզիի մէջ եւ հիմնուած է 1918ին, «իր ծառայութիւնները մատուցանելու բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքն ունին՝ հայրենիքի եւ արտերկրի մէջ, առանց խտրութեան»: Վերջերս կազմակերպութիւնը բացաւ մասնաճիւղ մը Կլենտէյլի մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի գործադիր տնօրէն Լեւոն Ֆիլեանի առաջնորդութեամբ:
«Հայկազեան» համալսարանը առաջնահերթ բարձրագոյն ուսման կեդրոն մըն է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ հիացումի առարկայ՝ շատ հայերու: Անոր շրջանաւարտներէն շատերը այսօր կը ծառայեն մեր գաղութներուն մէջ որպէս պատուաւոր քաղաքացիներ եւ առաջնորդներ:
Ճաշկերոյթին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կրնաք կապ հաստատել Կրէյս Քիւրքճեանի ((714) 773-9075, GrKurkjian@aol.com) կամ Սանտրա Քալէմքէարեանի ((626) 355-4004, Sandra@womclub.com) հետ:
(Թղթակցութիւնը՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութենէն)