
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 23 Սեպտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահին դասաւորումով ձեւաւորուած Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ռազմավարական հերթական վերանայման գործընթացը համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի նախագահութեամբ կայացած նիստին կը մասնակցէին ռազմավարական վերանայման գործընթացին ներգրաւուած պետական կառավարման բոլոր մարմինները՝ նախարարներու տեղակալներու մակարդակով, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան պաշտօնեաները:
Նիստին ընթացքին ամփոփուեցան վերանայման գործընթացի երկրորդ հանգրուանի արդիւնքները եւ համաձայնեցուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ռազմավարական ծրագրաւորման նկատառումները, որոնց մէջ մատնանշուած են պետութեան զինուած պաշտպանութեան կազմակերպման բազմաթիւ նոր գաղափարներ ու մօտեցումներ, ինչպէս՝ «խելամիտ պաշտպանութիւնը» եւ «առաջադրանքով հրամանատրում»ը: Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու շարքերուն մէջ այս եւ այլ նորարարական լուծումներու կեանքի կոչումը առիթ պիտի տայ փոքր ուժերով մեծ խնդիրներու կատարման ունակ ստորաբաժանումներու միջոցով վարելու տարատեղուած եւ ապակեդրոնացեալ գործողութիւններ:
«Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համար վճռական մօտեցումների եւս մէկ կարեւոր ուղղութիւն է լինելու զինուորական էթիկայի նորմերի, կառավարման մշակոյթի զարգացումը եւ բարեվարքութեան ամրապնդումը: Այս նախաձեռնութիւններն ուղղուած կը լինեն զինուած ուժերում բարեփոխումների տեսլականը զինուորական ծառայութեան նկատմամբ վերաբերմունքի փոփոխութեան եւ զինուորականների սոցիալական խմբերում փոխյարաբերութիւնների նոր մոդելների վրայ խարսխելուն», նշուած է նիստին յայտարարութեան մէջ:
Նիստի աւարտին ազդարարուեցաւ Պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման գործընթացի 3րդ հանգրուանի մեկնարկը, որուն ընթացքին պիտի մշակուին եւ սահմանուին պաշտպանութեան գործին մէջ շահառու մարմիններու դերերն ու առաջադրանքները եւ զինեալ ուժերու խնդիրները:
Ամփոփելով նիստին արդիւնքները՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան բոլոր գերատեսչութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնեց համապետական նշանակութիւն ունեցող այս ձեռնարկին մէջ ցուցաբերած աշխոյժ մասնակցութեան համար՝ վստահութիւն յայտնելով այն մասին, որ միջգերատեսչական փոխգործակցութեան նոյն բարձր մակարդակը պիտի պահպանուի նաեւ ռազմավարական վերանայման յաջորդ հանգրուաններուն:
Պաշտպանութեան ռազմավարական երկրորդ վերանայումը պիտի կատարուի մինչեւ 2015ի աւարտը եւ նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ Հայաստանի շուրջ ձեւաւորուած անվտանգութեան միջավայրի երկարաժամկէտ գնահատման հիման վրայ պաշտպանութեան եւ անվտանգային աշխոյժ համակարգի՝ մինչեւ 2020ի հեռանկարային զարգացման երաշխաւորման: