
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած Հայաստանի քաղաքացի Սարգիս Անանեան երէկ ազատ արձակուած է եւ վերադարձած է հայրենիք:
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) երեւանեան պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի «Նիուզ»ի թղթակիցին յայտնած է, որ Հայաստանի քաղաքացին հայրենիք վերադարձած է ԿԽՄԿի միջնորդութեամբ:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբերեանի բնակիչ, 1961ի ծնունդ Սարգիս Անանեան Ատրպեճանական ուժերուն կողմէ ձերբակալուած էր Օգոստոս 26ին: