
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 21ին, կէսօրէն ետք ժամը 3էն մինչեւ գիշերուան ժամը 12 տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու Ս. Ծնունդի բարեգործական հիմնադրամի տարեկան 15րդ թելեթոն-դրամահաւաքը:
15 տարի առաջ, խումբ մը գիտակից հայրենասէրներ, գլխաւորութեամբ «Քաջ Նազար» հանդէսի խմբագիր Յովհաննէս Բալայեանի, հիմը դրին Հայաստանի մէջ ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու մանկատուներու վերանորոգութեան այս գործին, որմէ ցարդ օգտուած են աւելի քան 100,000 երեխաներ:
Թելեթոնը պիտի ցուցադրուի պատկերասփիւռի «AMGA 380», «Horizon-Best TV 387», «AABC 384», «HighVision TV 381» կայաններէն, ինչպէս նաեւ՝ Քանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ։