ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– «Գրական տապան 2014» միջազգային փառատօնը պաշտօնապէս պիտի սկսի 19 Սեպտեմբերին՝ ժամը 16։00ին, «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ: Բացման արարողութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Գրական տապան 2013» փառատօնէն ետք գրուած ստեղծագործութիւններու ժողովածուի շնորհահանդէսը:
Այս տարի «Գրական տապան»ը կը հիւրընկալէ գրողներ եւ բանաստեղծներ աշխարհի 11 երկիրներէ: Փառատօնի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան եկած են գրողներ Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Խր-ուաթիայէն, Ռուսիայէն, Լեհաստանէն, Բրիտանիայէն, Դանիայէն եւ այլ երկիրներէ:
Հայ գրչակիցներուն ընկերակցութեամբ՝ փառատօնի արտասահմանցի մասնակիցները պիտի այցելեն Հայաստանի տեսարժան վայրերը, մասնագիտական քննարկումներ պիտի կատարուին եւ վարպետութեան դասընթացներ տրուին երեւանեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ:
Փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ 28 Սեպտեմբեր։ Նախատեսուած են նաեւ մարզային այցելութիւններ՝ Օշական, Զուարթնոց, Էջմիածին եւ Տաթեւ:
Սեպտեմբեր 19ին Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին մէջ բրիտանացի հանրայայտ գրող Մեկ Ռոզոֆ հանդիպում պիտի ունենայ ուսանողներուն հետ։
Փառատօնի ծիրին մէջ 26 Սեպտեմբերին՝ ժամը 15:00ին, Երեւանի Կամերային թատրոնին մէջ իր ընթերցողներուն հետ հանդիպում պիտի ունենայ լեհ նշանաւոր գրող Եանուշ Լէոն Վիշնեւսկին:
Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան օրուան առիթով 27 Սեպտեմբերին աշխարհի տարբեր երկիրներ ներկայացնող գրողները պիտի այցելեն Կոմիտասի անուան պանթէոն, ուր պիտի միանան «100 հազար պոէտ՝ յանուն փոփոխութեան» նախաձեռնութեան՝ արուեստի միջոցով աշխարհը փոխելու վճռականութեամբ:
Այս տարի եւս պիտի հրատարակուի բազմալեզու գրական ժողովածու (բնագիրով եւ հայերէն թարգմանութեամբ), ուր ծրագիրի մասնակիցները իրենց նախընտրած ոճով պիտի ներկայացնեն հայաստանեան հանդիպումներէն ունեցած տպաւորութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.