Ատրպատականի Հայոց թեմի հիմնադրութեան 770ամեակի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11ին, սկսաւ Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքի տարեկան ուխտագնացութիւնը, Տաճարին մէջ մատուցուած եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագով: Եկեղեցական արարողութեան եւ ազգային տօնախմբութեան ներկայ գտնուեցան հայորդիներ, որոնք Վանքերու ուխտագնացութեանց յանձնախումբի տնօրինումով, յատուկ հանրակառքերով եկած էին Թաւրիզէն, իսկ ուխտաւորներու այլ խումբեր եկած էին նաեւ Ռահուայէն եւ Կիարտապատէն: Պետական պատասխանատուներ, Ճուլֆայի սահմանապահ բանակի գնդապետներ եւ զինուորներ, ինչպէս նաեւ Փոքրամասնութիւններու բաժանմունքի պատասխանատուներ եւս ներկայ էին, հարկ եղած դիւրութիւնները մատուցելու համար ուխտաւորներուն:
Եկեղեցական թափօրը տօնական հանդերձանքով ծայր առաւ վանքի վանահօր վերջերս վերանորոգուած սենեակէն եւ պատմական Դպրեվանքի շրջափակէն անցնելով, «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց տաճար:
Ս. պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան: Խորանին կը սպասարկէր Թաւրիզի հոգեւոր հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտմեան: Իսկ սրբազան երգեցողութիւնը կը կատարէր «Կոմիտաս» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Վարդան Վահրամեանի: Կրտսերաց դպրաց դասի անդամները կը ծառայէին խորանին բուրվառակրութեամբ, քշոցակրութեամբ եւ մոմակրութեամբ:
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդ սրբազանը անդրադառնալով վանքի դարաւոր պատմութեան, արխիւատան փոշեծածկ դարաններէն դուրս բերած թանկարժէք վաւերաթուղթերու վրայէն ներկայացուց Ս. Նախավկայ վանքի հիմնադրութենէն մինչեւ Համաշխարհային Առաջին պատերազմի տարիները երկարող ժամանակահատուածը: 996 թուականին, հայոց Աշոտ Գ. Ողորմած թագաւորի վանքին տուած այցելութեան անդրադառնալով՝ ան յիշեց, թէ Բագրատունի արքան ինչքա՜ն հոգածու վերաբերում ցուցաբերած էր հոգեւոր ու մշակութային լուսատու այս կեդրոնի նկատմամբ, եւ բարբարոսներու արշաւանքներէն պաշտպանելու համար, հրամայած էր պարսպապատել վանքը, զայն վերածելով վանական գեղատեսիլ համալիրի: Ի վերջոյ ան մէջբերեց հայոց թագաւորի վանքին նուէր թողած թանկարժէք խաչի արծաթեայ պատուանդանին յիշատակարանը. «Յիշատակ է սուրբ խաչս Յովհաննէս թագաւորի հայոց եւ կողակից Շուշան տիկնոջն. ես որդի Աշոտ թագաւորն բազում զօրօք եկի սուրբ ուխտս, եդու Շամբա ջաղացներն, Երասխի նաւն, ասպատակու հողն սուրբ Նախավկային յիշատակ մեզ եւ ծնողաց մերոց, թվին ՆԺԵ (966)»:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ յիշեց վանքի վերջին վանահայրերէն Ղեւոնդ վրդ. Բարսեղեանի յուզախառն նամակները թեմի առաջնորդ Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանին ուղղուած, որոնք կը բացատրեն ողբերգական այն իրավիճակը, որ կը տիրէր այդ օրերուն վանքին մէջ՝ խարխլած ու փլատակ եւ գրեթէ անբնակելի վանական խուցերով, նիւթական անտանելի դրութեամբ, շրջակայ բնակիչներու հարստահարութիւններուն դիմաց անզէն ու անպաշտպան վիճակով եւ այլ կենցաղային դժուարութիւններով:
Իր քարոզին երկրորդ բաժնով, առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ Ատրպատականի Հայոց թեմի ներկայի յուսալի կացութիւնը, Իրանի պետութեան եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ իրագործուող վանքերու վերանորոգութիւններուն տրուած հովանաւորութիւններով, եւ թեմի հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, Ազգային իշխանութեան կողմէ իրականացուող կալուածային բազմապիսի աշխատանքներով. «770 տարուան իր անցեալով ու հարուստ փորձառութեամբ, Ատրպատականի Հայոց թեմը կը շարունակէ իր հայրերուն աւանդ թողած ժառանգութեան տէր կանգնիլ ու հնարաւոր բոլոր միջոցներով զայն ծաղկեցնել, Հիւսիսային Իրանի մէջ պահպանելով հայոց հոգեւոր ու մշակութային գանձերը, միաժամանակ տարածաշրջանէն ներս դարերով ապրած հայութեան իր հոգեւոր ու ազգային ծառայութիւնը մատուցելով», ըսաւ սրբազանը:
Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, քանդակազարդ որմերով հոյակապ տաճարի զանգակատան տակ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, հոգիներու խաղաղութեան համար վանքին մէջ ծառայած եւ այնտեղ թաղուած բոլոր վանահայրերուն եւ միաբաններուն, ինչպէս նաեւ Դարաշամբ գիւղին մէջ թաղուած հայերուն:
Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին, Թաւրիզի Եկեղեցիներու տիկնանց միութեան կողմէ սիրոյ սեղան տրուեցաւ հոգեւորականաց դասին, Ազգային իշխանութեան, երգչախումբի անդամներուն եւ հիւրերուն համար: Մաղարդայ լեռնաշղթային բազմած վանքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթին ընթացքին բաժակաճառեր արտասանուեցան վերյիշելով անցեալը, վանքի փայլուն օրերը, երբ վարպետ գրչագիրներու կողմէ նոյն սրբավայրին մէջ հեղինակուած հատորները Նախավկայ վանքի փառքը կը կազմէին:
Իսկ ուխտաւոր բազմութիւնը մինչեւ ուշ երեկոյեան ժամեր մնաց վանքին մէջ, շրջակայ ծառերու շուքին եւ առատահոս աղբիւրի կողքին ճաշելով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.