
Ուրուկուէյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեանի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ ՀՀի վերանկախացման 23րդ տարեդարձի նշում, որուն հրաուիրուած էին գաղութին մէջ գործող բոլոր հայ կազմակերպութիւններու եւ հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ եւ անհատ հրաուիրեալներ:
Ռուբէն Աբրահամեան իր բացման խօսքով շնորհաւորելէ ետք ՀՀ վերանկախացման 23րդ տարեդարձը, շեշտեց կարեւորութիւնը համայնքային կեանքին մէջ գործող բոլոր աշխատունակ եւ արհեստավարժ ուժերու համախմբումը, կազմակերպութիւններու գործունէութեանց շուրջ, «որպէսզի միասնական ճիգով դիմաւորենք բոլոր մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, որոնք կը ցցուին մեր դիմաց, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարուան մէջ, քանի որ մեր թշնամին չէ լռած եւ ամէն տեսակի սադրանքներ ի գործ կը դնէ, խոչընդոտելու համար մեր ծրագիրներն ու աշխատանքները»:
«Պատուոյ հիւպատոսը, որ վերջերս վերադարձած էր հայրենիքէն, իր հետ բերած էր սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած, գաղութին մէջ երկար տարիներու վաստակ ունեցող եւ Հայաստանի ու հայութեան պայծառութեան ի խնդիր իրենց կարեւոր ներդրումը բերած, երկու ազգայիններ՝ թեմի բարեջան առաջնորդ Յակոբ արք. Գլընճեանե եւ «Կոմիտաս Ռատիօժամ»ի տնօրէն Կարօ Հէքիմեանը։ Անոնք Ռ. Աբրահամեանի ձեռամբ ստացան, առաջնորդի պարաքային՝ սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկի մետալ»ը, իսկ Կարօ Հէքիմեան՝ «Մայրենիի դեսպան» մետալը:
Իրենց արտասանած խօսքերով երկու պագեւատրուած անձնաւորութիւնները շնորհակալութիւն յայտնեցին սփիւռքի նախարարութեան եւ ի մասնաւորի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որ անոնց տարիներու գործունէութիւնը եւ շարունակուող աշխատանքը գնահատանքի արժանի կը դարձնէ: