ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Իսլամ ծայրայեղական «Ճապհաթ Նուսրա» խմբաւորումը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 18ին սպառնաց 24 ժամէն լիբանանցի այլ զինուոր մը գլխատել, եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը չընդառաջէ խմբաւորման անդամները ազատ արձակելու իր պահանջին։
Նշենք, որ Սուրիոյ սահմանակից Արսալ գիւղին մէջ, Չորեքշաբթի յետմիջօրէին ահաբեկիչներ առեւանգած էին լիբանանեան բանակի զինուոր Քամալ Հուժէյրին, որ կը գտնուէր Ուատի Հմայտիի իր ագարակին մէջ:
Նոյն օրը, խումբ մը քաղաքայիներ Արսալի Ուատի Հոսըն շրջանին մէջ գտնուող բանակի անցարգելին դիմաց հաւաքուեցան եւ փորձեցին յարձակիլ զինուորներուն վրայ: Բանակը կրակեց, զանոնք հեռացնելու նպատակով. կրակոցին պատճառով վիրաւորուեցաւ քաղաքացի մը, իսկ 5 ուրիշներ ձերբակալուեցան:
Նաեւ, Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, սահմանամերձ շրջանի հարցերն ու Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 17ի առաւօտեան, Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿի խաղաղապահներու կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը՝ լիբանանցի ու իսրայէլացի սպաներու եւ ՄԱԿի ուժերուն միջեւ, նախագահութեամբ խաղաղապահներու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի: Քննարկուեցան Կապոյտ գիծը խախտելու արարքները, ինչպէս նաեւ՝ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերը հեռացնելու քայլերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.