
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմսփորթ».- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին, Երեւան վերադարձաւ ըմբշամարտի յունահռոմէական ոճի Հայաստանի հաւաքականը: Հայաստանի ընտրանին Հայաստան վերադարձաւ Իւզպեքիստանէն, ուր ընթացած աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին հաւաքականը երկու ոսկի մետալ նուաճեց:
Արսէն Ջուլֆալակեան ախոյեան դարձաւ 75 քլկ., իսկ Արթուր Ալեքսանեան՝ 98 քլկ. կշիռքի դասակարգին մէջ:
Հայաստանի հաւաքականը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորողներու շարքին էր նաեւ մարզանքի եւ երիտասարդութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանը: