ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ուսանողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերուն ռազմամթերքը շուտով պիտի համալրուի նոր՝ առաւել հեռահար զէնքով:
Սակայն ան չէ ուզած պատասխանել լրագրողներուն այն հարցումին, թէ որմէ՞ պիտի գնուի զէնքը՝ դիտել տալով, որ ատիկա ռազմական գաղտնիք է։
«Մենք օրէցօր ընդլայնում ենք ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը մեր ռազմավարական գործընկերների, աւելի յստակ՝ Ռուսաստանի հետ եւ արդիականացնում սպառազինութիւնը», նշած է Օհանեան։
Պատասխանելով Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանի զէնք վաճառելու վերաբերող հարցումի մը՝ նախարարը նշած է, որ հարեւան պետութեան պաշտպանունակութեան վերաբերող զարգացումները միշտ ալ իրենց ուշադրութեան առարկայ են։ «Մենք մեր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնը յայտնում ենք բոլոր ատեաններում», ընդգծած է Օհանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.