Մոսկուայի Բասմանեան դատարանը երկարաձգած է հայազգի գործարար Լեւոն Հայրապետեանի կալանքի ժամկէտը: Այս մասին կը գրէ «Ռիա Նովոստին»:
Այս որոշմամբ, դատարանը համաձայն գտնուած է քննիչին այն կարծիքին, որուն համաձայն, Լ. Հայրապետեան պէտք է մնայ մեկուսարանին մէջ, այլապէս ան կրնայ իր դրամներն ու կապերը օգտագործել, որպէսզի խանգարէ հետաքննութեան ընթացքն ու թաքնուի դատարանէն:
Պաշտպանող կողմը մատնանշած է, որ Հայրապետեան տարեց է, շարք մը ծանր հիւանդութիւններ ունի եւ չի դիմանար բանտային պայմաններուն։ Պաշտպանական կողմը առաջարկած է նաեւ 30 միլիոն ռուբլի երաշխագին եւ հասարակութեան ազդեցիկ անդամներու երաշխիքը:
Յիշեցնենք, որ 12 Սեպտեմբերին դատարանը երկրորդ քրէական գործը յարուցած է Լեւոն Հայրապետեանի նկատմամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.