ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
_ Միա՛յն առողջութիւն ըլլայ…
Սա իբրեւ լաւագոյն փափաք իրարու կը յայտնեն մարդիկ, նոյնիսկ իրենց ամէնէն ուրախ ու երջանիկ պահերուն: Անոնք կարծէք պահ մը մտավախութիւնը կ՛ապրին յանկարծ յայտնուելիք հիւանդութեան կամ արկածի մը:
Հարսանեկան խրախճանքի երջանիկ առիթով, մէկու մը ձեռք բերած յաջողութեան դիմաց կամ այլ ուրախ առիթներով արտասանուած այս բարեմաղթութիւնը առիթ կը հանդիսանայ անդրադարձ կատարելու մեր կեանքին ու մանաւանդ մեր առողջութեան: Նոյնիսկ ֆիզիքապէս առողջ մարդոց մտածել կու տայ սոյն բարեմաղթութիւնը, թէ աշխարհի մէջ կայ նաեւ հիւանդութիւն, որուն գալուստէն ետք ոմանք կ՛անդրադառնան անոր գոյութեան: Ուրեմն, իրենց կեանքին երբ չէ մօտեցած ցարդ հիւանդութեան այս կամ այն տեսակը, ատիկա կարծէք գոյութիւն չունի այս աշխարհի երեսին, սակայն երբ իրենց մորթին վրայ զգան անոր ցաւը, յանկարծ իրականութիւն պիտի դառնայ անիկա:
Ուրիշին ցաւին անտեղեակ ըլլալու պատկեր մըն է նաեւ վերոնշեալ պարբերութիւնը, ուր արտայայտուած մտածումը շատ եսակեդրոն է. «Այնքան ատեն, որ ես առողջ եմ, զիս չի՛ հետաքրքրեր ուրիշին ցաւը»: Եսասիրութեան սահմաններէն անդին անցնող մօտեցում է սա, որ երբեմն նոյնիսկ գազաններու մօտ կարելի չէ գտնել: Ամէնէն վայրագ գազաններն ալ իրենց տեսակի վիրաւորին նկատմամբ խղճահարութեան զգացում կ՛ունենան, երբեմն բարեացակամ վերաբերում ալ ցուցաբերելով անոր, նոյնիսկ կարեկից հայեացքով մը…
Հիւանդութիւններու նոր տեսակներ, վարակիչ նոր ժահրերով անսանձ կը տարածուին:
Յառաջադէմ պետութիւններ կամ միջազգային հիմնարկութիւններ երբեմն ահազանգ կը հնչեցնեն ո՛չ թէ անպայման օգնելու նկատառումով, այլ՝ այն վախին դրդապատճառով, որ կրնայ նաեւ նոյն վարակը հասնիլ իրենց երկիրը ու մահուան սուր մանգաղով հնձել նաեւ իր ժողովուրդէն երամներ անմեղ զոհերու:
Հիւանդանոցի մը տրուած կարճ այցելութիւն մը եւ անոր լայն ու հականեխիչ բուրող քանի մը միջանցքներէն երթուդարձը կրնայ գաղափար մը տալ տարբեր տեսակի հիւանդութիւններով տառապող մարդոց մասին: Ոմանց մօտ յոյսի զօրեղ արտայայտութիւններ, իսկ ուրիշներու մօտ մահուան առկախ սարսափը սնարին վերեւ, հիւանդութիւններու թեթեւ ու ծանր տեսակներու մասին կրնայ գաղափար տալ:
Ցարդ համայն մարդկութեան վախ պատճառող հիւանդութեան տեսակները անոնք են, որոնք կա՛մ բուժում չունին, եւ կամ անոնց ժահրին դէմ պայքարելու միջոցը դեռ չէ՛ գտնուած: Ներկայ յառաջադէմ դարու գիտութիւնը բաւարար չնկատող մարդիկ շատ դիւրին պատասխան կու տան «Ինչո՞ւ այս հիւանդութեան ճարը չեն գտած գիտնականներ» հարցումին, ըսելով՝ անոնք դիտմա՛մբ չեն հրապարակեր իրենց հետազօտութեանց արդիւնքը եւ շուկայ չե՛ն հաներ իրենց պատրաստած դեղերը, որպէսզի մարդկութիւնը պակսի Երկիր մոլորակին վրայ:
Անշուշտ լիարժէք մտածողութիւն կամ տրամաբանական պատասխան չէ՛ ասիկա, ո՛չ ալ զայն ըսողները մտածած են ատոր մասին իբրեւ կենսոլորտային հարցերով մտահոգ մարդիկ: Անոնք պարզապէս անճար անձեր են, որոնց խելքը նման գիտական խնդիրներուն չի՛ հասնիր, ու պարզապէս խօսելիք նիւթ ունենալու պատրուակով իրենց միտքը կը պահեն վերոյիշեալ յերիւրածոյ պատասխանը:
Ամէնէն փոքր հիւանդութիւնը ունենալուն, մարդ կասկածամտութեան ու վախի մթնոլորտի մէջ կ՛ապրի: Բժիշկներուն լաւագոյնը գտնելու համար ոմանք երկրէ երկիր կը թափառին, մէկուն ըսածը միւսին հետ կը բաղդատեն, բժշկագիտական ամէնէն հռչակաւոր համալսարանը աւարտած բժիշկին տուած դեղագիրը կ՛ընդունին իբրեւ բացարձակ ճշմարտութիւն, միշտ բաց պահելով իրենց ականջը բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք աւելի լաւ բժիշկ ու դարման պիտի առաջարկեն իրենց, ձերբազատելու համար զիրենք տանջալի մտահոգութենէն՝ իրենց հիւանդութենէն:
«Լաւագոյն հիւանդութիւնը» դրինք այս գրութեան վերնագիրը, ո՛չ թէ բաղդատական ընելու հիւանդութիւններու միջեւ: Ամէն մարդ ալ գիտէ, թէ բուժելի եւ անբուժելի հիւանդութիւններու միջեւ կարելի է տեսակի հիմնական տարբերութիւն տեսնել: Այլապէս բուժելին ինչքան ալ ցաւցնող հիւանդութիւն ըլլայ, այդքան մտահոգութիւն չի՛ պատճառեր, ու մարդիկ զիրար կը մխիթարեն ըսելով. «Այսօր քիչ մը կը ցաւի, բայց վաղը՝ կ՛անցնի»:
Այս վերնագիրը անոր համար, որ հիւանդութեան նման ուրիշ երեւոյթներ ալ կան, որոնցմէ կը դժգոհին սովորաբար մարդիկ, սակայն անիրաւօրէն: Այդ երեւոյթներէն մէկն է՝ աղքատութիւնը: Այս ալ անշուշտ իր չափերը ունի, որ անօթութենէն սկսեալ մինչեւ օրապահիկով ապրող մարդոց միջեւ կը տարուբերի: Զարմանալի է սակայն, որ ամէնէն նուազ մակարդակի աղքատները չեն այնքան դժգոհողները, ինչքան իրենց օրապահիկը գտնող ու անով չբաւարարուողները…
Միշտ աւելի՛ն ունենալու փափաքը մարդկային թերութիւններու շարքին պէտք է դասել, որ երբեմն հիւանդագին երեւոյթի կը վերածուի ոմանց մօտ: Իսկ ունեցածով բաւարարուելու խրատական պատգամները, արդէն սկսած են նկատուելու բարոյախօսութիւն: Կեանքի այսքան այլազան ճոխութիւններուն դիմաց վերոյիշեալ «բարոյախօսութիւնը» արդէն իմաստազուրկ մտածում կը թուի ոմանց:
Վերջապէս, լաւագոյն «հիւանդութիւնը» մեր համեստ կարծիքով աղքատութիւնն է, որ անճար չէ՛: Սա կարելի է բուժել հաւաքական եւ անհատական ճիգերով: Աստուծոյ կողմէ տրուած իմաստութիւնը իւրաքանչիւր անձի, պէտք է գործածել դրական նպատակներ իրականացնելու: Իմացական նոյն շնորհքով այս մէկը կրնայ հարստանալ, իսկ միւսը՝ աղքատանալ… Սա ալ մէկ ուրիշ երեսն է մարդկային դժբախտութեան: Ոմանք ատոր մէջ յանցաւոր կը գտնեն ժամանակը, ուրիշներ՝ կորսուած առիթները, ոմանք՝ օժանդակողներու ուշանալը, իսկ ուրիշներ՝ իրենց շռայլութիւնը: Ինքնախոստովանութեան համապատասխանող պատճառաբանութիւններէն ամէնէն հաւանականը այս վերջինն է անշուշտ: Երբ տնտեսելու բնատուր կարողութիւնդ չե՛ս օգտագործեր ժամանակին, աղքատութեան «հիւանդութիւնը» բոյն կը դնէ մէջդ: Սակայն, անյոյս պարագայ չէ՛ քու այդ կացութիւնդ: Անբուժելի չէ՛ աղքատութիւնը: Կը բաւէ միայն, որ ամօթ չհամարես որեւէ աշխատանք ու չյոգնիս կամքդ խթանելէ:
Հիւանդութիւններուն լաւագոյնը աղքատութիւնն է: Ասիկա բազմաթիւ այլ հիւանդութիւններէն աւելի՛ նախընտրելի է, որովհետեւ բժիշկներու դուռը ափ առնելու կարիք չունիս: Անոր դեղագիրը դո՛ւն պիտի գրես, քո՛ւ ձեռագիրովդ: