Ֆրանսայի «Ռոզա Միրա» թատերախումբը վաստակաշատ դերասանուհի եւ գրագէտ Անահիտ Թօփչեանի «Լը Մարաթոն» պատմուածքին հիման վրայ պատշաճեցուած բեմ կը բարձրացնէ թատերական ներկայացում մը, որուն թատերական տարբերակի հեղինակը եւ բեմադրիչն է Նինա Տիվ, իսկ դերակատարները՝ Ժիլ Կելպլեմ եւ Ֆիլիփ Քոլօ։
Վեց յատուկ ներկայացումներ պիտի հրամցուին հանդիսատեսին՝ 7 Հոկտեմբերէն 11 Նոյեմբեր ժամանակահատուածին, Փարիզի «Կուվերնայ» թատերասրահին մէջ։
Նոյն թատերախաղը 2012ին ներկայացուած էր Փարիզի «Տարիուս Միլհօ» թատրոնին մէջ։ Այս նոր բեմականացման համար, Անահիտ Թօփչեան սկզբնական բնագիրը հարստացուց՝ աւելցնելով բազմաթիւ էջեր, թատերախաղին տալով աւելի մեծ շահեկանութիւն։
Նիւթը՝ …երկխօսութիւն-վէճ մը երկու անձերու միջեւ, որոնք իրենց կեանքի ճանապարհը կը կտրեն վազելով. մէկը համոզումով, միւսը՝ բռնադատուած։ Ա՞յս է մեր կեանքը։ Անիկա մրցավա՞զք է, թէ հաճոյք։ Ֆելլինիի ֆիլմերը կը յիշեցնեն երկու դերասանները. անոնց տարբերութիւնները, շարժումները խորհրդանշական են։ Անհեթեթի թատրոնի, միմոսական ողբերգական-կատակերգականի խառնուրդը կը ստեղծէ «ծիծաղ արցունքի վրայ» մթնոլորտը։
Մեր տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Անահիտ Թօփչեանի սոյն ստեղծագործութեամբ առաջին անգամ ըլլալով հայաստանցի գրողի մը թատերախաղը այս ձեւով կը բեմադրուի Ֆրանսայի մէջ։
Կ՛ողջունենք հսկայական գրական գործը Անահիտ Թօփչեանի, որ է նաեւ թատրոնի եւ շարժապատկերի վաստակաւոր դերասանուհի, նոյնպէս՝ անոր գրագէտ, լրագրող եւ արուեստի քննադատ ամուսինը՝ Ալեքսանտր Թօփչեանը, որոնք կ՛ապրին Երեւանի եւ Փարիզի միջեւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.