
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մինչ Հայաստանի ընդդիմադիր գործիչները ամենայն լրջութեամբ կը խոստանան պայքարը շարունակել յանուն մեր երկրի պետական համակարգին քաղաքական արմատական բարեփոխումին, նախագահ Սարգսեան եւ իր վարչախումբը ամենայն հանգստութեամբ կը շարունակեն ազգային ու պետական մեր արժէքներուն… սեփականաշնորհումը։
Որոշ իմաստով բաժակը յորդեցաւ երկու օր առաջ, երբ ՀՀ պաշտպանութեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարները, «Երկրապահ Կամաւորականների միութեան» նախագահին հետ ձեռք-ձեռքի տուած, հրապարակաւ ու հանդիսաւորապէս հանրութեան յայտարարեցին, թէ այսուհետեւ «Երկրապահ մանկապատանեկան ակումբներ» պիտի գործեն Հայաստանի կրթական հաստատութեանց մէջ։
Խորհրդային ժամանակները չապրած հայը թերեւս մտահոգուելու պատճառ չտեսնէ, որ նմանօրինակ մասնաւոր «ակումբ»ներու միջոցաւ փորձ կը կատարուի պետականօրէն մտակաղապարման ենթարկելու նորահաս մեր սերունդներուն ազգային ու գաղափարական կազմաւորումը։
Իսկ Արցախեան շարժման շղթայազերծման եւ յաղթական երթին հետ միս ու ոսկոր կապած մեր երիտասարդութիւնը հաւանաբար նաեւ ողջունելի գտնէ… «Երկրապահ մանկապատանեկան ակումբներ»ու հաստատման լուրը։
Չէ՞ որ խնդրոյ առարկայ որոշումը կը հիմնաւորուի նոր սերունդին ազգային-հայրենասիրական դաստիարակութիւն ջամբելու կարգախօսով։
Ո՜վ կրնայ դէմ ըլլալ, որ մեր զաւակները գաղափարական իրենց սնունդը առնեն Արցախեան շարժման եւ Հայ ազգային-Ազատագրական շարժման աւանդներէն։
Բայց աչքի վրայ նստած պետական քարոզչութեան փոշին սրբելէ ետք բոլորին համար ալ պարզ կը դառնայ, որ առաջադրուածը նորահաս սերունդին ազգային եւ հայրենասիրական առողջ դաստիարակութեան փոխանցումը, այլեւ ու մանաւանդ՝ մարտունակ եւ պահանջատիրական ոգիի ներշնչումը չէ։
Ո՛չ, ազգային-պետական մարտունակ դաստիարակութեան համար գրաւական չեն կրնար ըլլալ այսպէս կոչուած «Երկրապահ մանկապատանեկան ակումբներ»ը, որոնք պարզապէս կ՛արթնցնեն խորհրդայիններու հնարած մանկապատանեկան «ակումբ»ներէն մնացած դառն յիշողութիւնը։
Քաղաքական մրցապայքարի հաշիւներուն եւ իշխանական խաղերուն պէտք չէ զոհաբերուի ազգային դաստիարակութեան մեծ օրակարգը։ Մանաւա՛նդ՝ տակաւին զինադադարի պայմաններուն մէջ ապրող եւ ինքնապաշտպանութեան միշտ պատրաստ գտնուելու օրակարգով առաջնորդուաղ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին համար։
Անհրաժեշտը՝ մարտունակ բովանդակութեամբ եւ ոգիով կրթութեան ու գիտութեան ջամբո՛ւմն է։
Նորահաս սերունդը ամէն իրաւունք ունի պետականօրէն պաշտպանուելու «Երկրապահ»ի կամ որեւէ մասնաւոր կազմակերպութեան նմանօրինակ ոտնձգութիւններէն, յատկապէս՝ այս կամ հոսանքին ի նպաստ պետականօրէն պարտադրուած մտակաղապարումներէն…
Բայց ի՜նչ իրաւունքի մասին կրնայ խօսք ըլլալ պետական ու քաղաքական այսպիսի՛ համակարգի մը մէջ, ուր կ՛իշխէ ուժեղի տիրապետութեան անտառի օրէնքը։
Արտաքին աշխարհին եւ մեծապետական ուժերուն հրամցուող իրաւական եւ ժողովրդավարական պետութեան կեղծ նմանակումները, աւելի քան քսան տարիէ ի վեր, արդէն ծանրացուցած են անարդարութեան հեղձցուցիչ մթնոլորտը։
Իսկ վերջին տարիներուն ահա թափ առած է նաեւ ազգային պետականութեան կենարար արժէքներուն քաղաքական սեփականաշնորհումը, որ վտանգաւոր անկումներու քմայքին կը յանձնէ հաւաքական մեր երթը։
Վերանկախացած Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը փաստօրէն սկսած է փորձելու իր սեփական՝ մասնաւո՛ր կրպակներով հակակշռել հասարակական մեր կեանքը։
«Երկրապահ կամաւորականներու միութիւն»ը պարզապէս մէկն է սեփականաշնորհուած իշխանաւոր կրպակներու այդ ցանցին։
Թերեւս նուազ զգայուն եւ, իբրեւ այդպիսին, նուազ վնասակար կրնայ նկատուիլ միտքի եւ մշակոյթի, մամուլի եւ կրթօճախներու, բարեգործութեան եւ մեկենասութեան ասպարէզները «նախագահական» հովանիի տակ բերող կամ պահող «Փիւնիկ» բարերարական կրպակը, որուն ղեկին կանգնած է ՀՀ գործող նախագահին եղբայրը, «համանախագահ» ունենալով սուրիահայ նորանուն բարերար մը…
Պատահականօրէն չէ, որ վերջին քանի մը տարիներուն «Փիւնիկ»ը առօք-փառօք կը փայլի Հայաստանի նախագահական իշխանութեան մշակութային կամ մարզական, գիտական թէ գրական, գեղարուեստական կամ մտաւորական արժէքներու խթանման եւ հովանաւորման քայլերու ետին։
Հայեւթուրք Արձանագրութեանց ստորագրման դառն ժամանակէն սկսեալ, «Փիւնիկ»ը յանկարծ լուսարձակի տակ առնուեցաւ իբրեւ Հայաստանի նախագահին պաշտպանած տեսակէտներուն ի նպաստ Սփիւռքի հայութեան մէջ ունկնդիր ապահովող գործիքի։
Նման կրպակներու միջոցաւ Հայաստանի նախագահը կը յուսայ իր քաղաքական դիրքը զօրացնել հայութեան հասարակական կեանքին մէջ, ուր ամէնէն աւելի խոցելի կը մնայ պր. Սարգսեանի վարկանիշը։
Եւ այս՝ ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին, այլե՝ւ նոյնինքն հայրենիքի մէջ։
Կ՛ընդունինք, որ ապրելով Սփիւռքի տարածքին եւ զրկուած ըլլալով ազգային պետականութեան հովանիէն, հայօճախներու մեծ մասը ազգային բարերարներու եւ մեկենասներու վրայ դրաւ ինքնակազմակերպման եւ արդիականացման իր գրաւը։
Բայց Հայաստանի վերանկախացումէն ետք մեր ժողովուրդը բնական եւ արդար ակնկալութիւնը ունէր սեփական պետութենէն, որ ազգային ու հասարակական արժէքներու պահպանման, պաշտպանութեան եւ զարգացման ասպարէզը դրուի պետական հոգատարութեան հովանիին տակ։
Աւելի՛ն. եկած է ժամանակը, որպէսզի անհատ կամ մասնաւոր բարերարներն ու մեկենասները հարկատու զգան ոչ թէ այս կամ այն իշխանաւորին, այլ հաւաքական մեր կամքին եւ ուժին գերագոյն մարմնաւորումին, որ նոյնինքն հայոց պետականութիւնն է։
«Երկրապահ»ը, «Փիւնիկ»ը եւ մնացեալը պարզապէս կը կրծեն ու կը մաշեցնեն Հայոց Պետական Տան նիւթեղէն ու բարոյական պաշարները, երբ ըստ ամենայնի կը ծառայեն… մասնաւոր շահերու եւ շահախնդրութիւններու հետապնդումին։
Իշխանութեան նմանօրինակ կրպակներով՝ մեր պետականութիւնը կը դատապարտուի Օրուէլեան տիպի «Ագարակ»ի ճակատագիրին։
Դիպուկ է: