ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հոկտեմբերի առաջին կիսուն, մօտաւորապէս ամսուն 10ին, Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ պիտի իրականացնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպումը. այս մասին Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9ին յայտարարած է ԵԽԽՎի փոխնախագահ, հայ-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակի փոխնախագահ եւ Ալֆորվիլի նախկին քաղաքապետ Ռընէ Ռուքէ:
Ռուքէ նաեւ դրական համարած է այն իրողութիւնը, որ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումէն ետք, սահմանին վրայ լարուածութիւնը մեղմացած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.