ՖՐԵԶՆՕ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 14ին, Խաչվերացի տօնին օրը, հիւսիսարեւելեան Հայաստանի Բերդ գիւղին մէջ օծումը պիտի կատարուի Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ, որուն կառուցման համար մէկ միլիոն տոլար նուիրատուութիւն կատարուած էր հանգուցեալ Ճան Սթիւընզի (Ստեփանեան) կողմէ, որ Ֆրեզնոյի բնակիչ մըն էր։
Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան 2004ին այս ծրագիրը ներկայացուցած էր Սթիւընզին, որ համաձայնած էր այս կենսական նուիրատուութիւնը կատարել։
Ս. Յովհաննու եկեղեցին պիտի փոխարինէ խորհրդային իշխանութեանց կողմէ 1920ական թուականներուն քանդուած նոյն գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցին։
2007ին մահացած Ճան Սթիւընզ 47 տարի այգեգործութեամբ եւ խաղողի մշակումով զբաղած է Ֆրեզնոյի կից Քերմընի մէջ. ան նաեւ նուիրեալ անդամ մըն էր շրջանի Ս. Պօղոս Հայց. եկեղեցիին՝ քանի մը առիթներով Ծխական խորհուրդի անդամ եւ առիթով մը նաեւ անոր ատենապետը ըլլալով։ Ան տարբեր առիթներով նաեւ նուիրատուութիւններ կատարած էր Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին ու Ս. Էջմիածինին։
Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, առ ի գնահատանք պատուարժան այս բարերարին կատարած արքայավայել նուիրատուութեան, որոշած էր նոր եկեղեցին վերանուանել Սուրբ Յովհաննէս Հայց. եկեղեցի, ի յարգանս Ճան Սթիւընզի:
Անոնք, որոնք կը փափաքին նիւթապէս օժանդակել նորակառոյց Սուրբ Յովհաննէս Հայց. եկեղեցւոյ, կրնան իրենց նուիրատուութիւնը ղրկել առաջնորդարան՝ հետեւեալ հասցէով.
WESTERN DIOCESE-ARMENIAN CHURCH (in memo: St. Hovhannes Church-Berd), 3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.