ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ այս ամսուան նախաձեռնութիւնները ընթացք պիտի առնեն 4 Սեպտեմբերին։ Գաֆէսճեան դասական երաժշտութեան համերգաշարի ծիրին մէջ ելոյթ պիտի ունենան «Էտեն Սթել» կիթառի դասական զուգանուագողները՝ Մարք Էտեն եւ Քրիստոֆըր Սթել (Բրիտանիա):
Սեպտեմբեր 10ին դաշնակահարուհի Լիլիթ Արտէմեան պիտի ներկայացնէ դաշնամուրային երաժշտութեան գոհարներ:
«Երաժշտութեան կասկադ» շարքի ծիրին մէջ 11 Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ համերգ՝ նուիրուած Կոմիտասի 145ամեակին: Համերգին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Կիւրճիեւի անուան համոյթը (Լեւոն Իսկենեան՝ գեղարուեստական ղեկավար, դաշնամուրային եւ վոքալ-դաշնամուրային ստեղծագործութիւններէն գործիքաւորում ժողովրդական նուագարաններու համար):
Սեպտեմբեր 13ին «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ ելոյթ պիտի ունենան «æիւան եւ Բենդ»ը (æիւան Գասպարեան կրտսեր՝ տուտուկ , Արսէն Թովմասեան՝ ստեղնաշար, Գագիկ Գագաս Խոդաւիրդի՝ ելեկտրոնային կիթառ, Արիկ Բաբայեան՝ պաս կիթառ, Գէորգ Չարչեան՝ հարուածային գործիքներ):
Սեպտեմբեր 17ին արուեստի կեդրոնին մէջ պիտի կայանայ Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած համերգ: Դասական երաժշտութեան համերգաշարին ընթացքին դաշնակահարուհի Մարգարիտ Սարգսեանն ու սոփրանօ Աննա Պօղոսեանը հանդէս պիտի գան սիրուած մեղեդիներով:
Սեպտեմբեր 24ին պիտի կայանայ վոքալ երաժշտութեան համերգ՝ «Կադենցա» մենակատարներու անսամբլի մասնակցութեամբ:
Սեպտեմբեր 26ին Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը կը հրաւիրէ բոլորը՝ հայկական աւանդական պարերու ուսուցման՝ «Կարին» համոյթի մասնակցութեամբ:
Սեպտեմբեր 27ին կեդրոնին մէջ պիտի հնչէ ճազ երաժշտութիւն՝ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբի կատարմամբ (Արմէն Հիւսնունցի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.