
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Կառավարութեան 4 Սեպտեմբերի որոշումով, Սիւնիքի մարզպետ Վահէ Յակոբեան, իր դիմումին համաձայն, զերծ կացուցուեցաւ իր պաշտօնէն։
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց, որ արդէն նախկին մարզպետ Յակոբեանը պիտի նշանակեն æրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի նախագահ: Այս պաշտօնը մինչ այդ կը վարէր Անդրանիկ Անդրէասեանը, որ, կրկին իր դիմումին համաձայն, քանի մը օր առաջ զերծ կացուցուեցաւ։
Վահէ Յակոբեան «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատի» նախկին տնօրէն, այժմ անոր տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Մաքսիմ Յակոբեանի որդին է: Ան ունի հաւատարմագրային կառավարման յանձնած առեւտուրներ ու, ըստ ներկայացուցած յայտարարագիրին, միլիառատէր է:
Վահէ Յակոբեան Սիւնիքի մարզպետ նշանակուած էր անցած տարուան Յուլիսին՝ փոխարինելով Գորիսի մէջ իր տան մօտ փոխհրաձգութեան ու արձանագրուած մահուան դէպքէն քանի մը օր ետք հրաժարական տուած Սուրիկ Խաչատրեանը:
Նշենք, որ Յակոբեանի պաշտօնաթողութիւնը անակնկալ էր մարզպետարանի աշխատակիցներուն համար: Անոր՝ մարզպետի պաշտօնին ստանձնումէն ետք լուրեր շրջան կ՛ընէին այն մասին, որ ան երկար չի մնար, որովհետեւ «նախկին մարզպետ Խաչատրեանը դժուար թէ զիջի դիրքերը Սիւնիքի մարզում, որը ղեկավարել էր աւելի քան ինը տարի»:
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սուրիկ Խաչատրեան ո՛չ հերքած, եւ ոչ ալ հաստատած է իր որդիներէն կամ ազգականներէն մէկուն նշանակումը մարզպետի պաշտօնին վրայ. «Ոչ մի բան չեմ կարող ասել, որովհետեւ ես նման առաջարկութիւն չեմ ստացել, ոչ մի բանից տեղեակ չեմ»: