ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3ին, «Մեդիամաքս»ը հաղորդեց, թէ նիւզելանտացի գրող Լեն Ուիքսի հեղինակած եւ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած «Ծագումներ. Բացայայտում» վէպի թուայնացած տարբերակը համացանցի միջոցով այժմ արդէն իսկ հասանելի է աշխարհի տարածքին:
Գիրքը յարգանքի տուրք կը մատուցէ նաեւ Աւստրալիայէն եւ Նիւ Զելանտայէն այն զինուորներուն, որոնք 1915ի Ապրիլ 25ին վայրէջք կատարեցին Կալիփոլի, պայքարելու համար Ցեղասպանութեան պատասխանատու օսմանեան թուրքերուն դէմ:
««Ծագումներ. Բացայայտում»ը եզակի վիպական պատմութիւն մըն է՝ համաշխարհային պատմութեան մեծագոյն հակամարտութեան ժամանակաշրջանին մասին։ Անիկա այլընտրանքային պատմութիւն մըն է, որ ընթերցողը կը մղէ խորհելու կարեւորագոյն մարդկային արժէքներու մասին: Անիկա վէպ է՝ սիրոյ, մշակոյթի եւ բացայայտման մասին, ողբերգական պաստառի մը վրայ ներկայացուած», կը նշէ Լեն Ուիքս:
Վէպի առաջին մասին կարելի է ծանօթանալ գիրքի պաշտօնական կայքին վրայ, իսկ ամբողջական տարբերակը՝ բաղկացած երեք մասէ, այժմ տրամադրելի է epub, mobi կամ pdf ձեւաչափով՝ http://my.bookbaby.com/book/originsdiscovery կայքէն կամ թուայնացած գիրքեր ծախող կայքերէ:
Գիրքը «Facebook»ի եւ «Twitter»ի վրայ եւս էջեր ունի:
«Ես Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի քաղաքացի եմ եւ ամուսնացած եմ հայուհիի մը հետ, որ օգնեց ինծի աչքերս բանալու Հայաստանի եւ անոր պատմութեան դիմաց: Հիմա ես կ՛որոնեն ձեր աջակցութիւնը, բանալու համար Արեւմուտքի աչքերը», կ՛ըսէ հեղինակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.