
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նշանակուած են յանձնախումբի 2014-2016ի վարչութիւնն ու խորհրդակցական մարմինի անդամները։
Վարչութեան վերանշանակուած անդամներն են իրաւաբան Նորա Յովսէփեան (ատենապետ), Սթիւ Արթինեան (գանձապահ), իրաւաբան Արփի Ճիւալակեան (ատենադպիր), Փաթիլ Աբօշեան-Գասպարեան եւ իրաւաբան Ռաֆֆի Գասապեան։
Վարչութեան նորանշանակ անդամներն են՝ իրաւաբան Նարեկ Կիտցինեան, Հայկ Պետրոսեան, Փիեռ Ենոքեան եւ Սիւզի Ծերունեան-Խանզադեան։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամներն են Ռաֆֆի Համբարեան (Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ), Այտա Տիմէճեան, Գարօ Խանճեան, իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան, Մայքըլ Մահտէսեան, իրաւաբան Կարօ Մատենլեան, Արթին Մանուկեան, Յարութ Սասունեան եւ Մուրատ Թօփալեան։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անձնակազմի անդամներն են Էլէն Ասատրեան (գործադիր վարիչ), Թերեզա Երիմեան (կառավարական հարցերու վարիչ) եւ Հայկ Պաղտասարեան (օրէնսդրարական հարցերու վարիչ)։
«Վարչութեան եւ խորհրդակցական մարմինի, յանձնախումբերու, անձնակազմի, տեղական մասնաճիւղներու աշխոյժ եւ նուիրեալ անդամներուն կողքին, կամաւորներն ու վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները պատրաստ են գործի լծուելու, իրականացնելու համար մեր նպատակները», կը յայտնէ ատենապետ Նորա Յովսէփեան։
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4ի երեկոյեան ժամը 6-9 տեղի պիտի ունենայ համայնքին հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու միտող ձեռնարկ մը՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կեդրոնատեղիին մէջ (104 N. Belmont St., Glendale):
Մասնակիցները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու նոր վարչութեան, խորհրդակցական մարմինին եւ շարք մը յանձնախումբերու անդամներուն ու անձնակազմին, ինչպէս նաեւ՝ տարուող գործունէութեան, ապագայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքի կարելիութեանց: