Օգոստոս 17ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տաղաւար տօնին առիթով, Օրենճ Քաունթիի համայնքը առիթը ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքուելու ու ապրելու աննախընթաց օր մը։
Աւելի քան 600 հայորդիներ մէկտեղուած էին եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Առաւօտեան մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ ապա կատարուեցաւ Խաղողօրհնէք։ Ս. պատարագը մատուցեց գաղութի հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան: Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները՝ առաջնորդուելով դպրաց դասի երգեցողութեամբ։
Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Խաղողօրհնէք եւ ուխտի հերիսայի մատաղօրհնէք, որ պատրաստուած էր Օրենճ Քաունթիի քեսապցիներուն կողմէ, որոնց միացան նաեւ Լոս Անճելըսի Քեսապի ուսումնասիրաց միութիւնը՝ մատաղը նուիրելով ազատագրուած Քեսապին ու հասոյթը յատկացնելով Քեսապի վերաշինութեան աշխատանքներուն։
«Պնակ մը հերիսա» կարգախօսով, հաւատացեալները իրենց ուխտը վերանորոգեցին ու Ս. Աստուածածնայ շնորհքը խնդրելով՝ աղօթեցին աշխարհի խաղաղութեան համար։
Խաղողօրհնէքէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ փառատօն մը, որ կազմակերպուած ու ի գործ դրուած էր Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ու փառատօնի յատուկ յանձնախումբին կողմէ։ Աւելի քան երեսուն կամաւորներ օգտակար դարձան այդ օրուան աշխատանքներուն։
Փառատօնին իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին գաղութի միութիւնները, կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ անհատ մատուցողներ ու գործատէրեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցաւ իրեն յատուկ տաղաւարը՝ մատուցելով զանազան տեսակի ճաշեր, խմիչքներ, անուշեղէն եւ այլ իրեր։
Փառատօնի բացումը կատարուեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 2ին, տէր հօր բարի գալուստի խօսքով ու սեղանի օրհնութեամբ։ Փառատօնը ունեցաւ իր հովանաւորները, որոնք գաղութի կեանքէն ներս կը շարունակեն իրենց զանազան ներդրումները ունենալ։ Մինչեւ իրիկուան ժամը 8, գաղութի զաւակները, ինչպէս նաեւ այլ շրջաններէ եկած հիւրեր, վայելեցին հայկական մտերմիկ ու տոհմիկ մթնոլորտը։
Փառատօնի ընթացքին տեղի ունեցան ներկայացումներ, որոնց մասնակցութիւն բերին Գագիկ Պատալեան ու իր նուագախումբը, հիւր երգիչներ Մաքսիմ Փանոսեան ու Ճոզէֆ Գրիգորեան, մանկական երգերու մեկնաբան Մակին, Օրենճ Քաունթիի Համազգայինի «Երազ» պարախումբը եւ «Սիմոն Օքսազեան» ժողովրդական պարի համոյթը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ մանուկներու, պատանիներու եւ մեծահասակներու յատուկ խաղեր ու մրցաշարքեր։ Հայկական երգն ու պարը իրենց գեղեցիկ հնչողութեամբ առաւել եւս կատարելագործեցին օրուան տօնական մթնոլորտը։
Փառատօնը առիթ մը ստեղծեց գաղութի զաւակներուն քով-քովի գալով ուրախ մթնոլորտ վայելելու եւ հայկական բարքերով ու սովորութիւններով գաղութի կեանքը աշխոյժ պահելու։
(Թղթակցութիւնը՝ Ս. Քառասնից Մանկանց Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն)