«Չհասկցայ»
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Շատ պարզ է, որ մեր ըսածը լսողներէն ոմանք պիտի հասկնան զայն, իսկ ուրիշներ՝ ո՛չ: Ամէն մարդէ կարելի չէ՛ սպասել նոյնքան պատրաստուածութիւն, գիտակցութիւն, իմացական կարողութիւն, կամ նոյնիսկ՝ շնորհք…
Տարբեր լեզուներ ունին որոշ բառեր աւելի շեշտուած իմաստային տարբերակներով օգտագործելու առաձգականութիւնը: Ատոր համար օգտագործուող կարեւորագոյն միջոցներէն մէկը ձայնային շեշտն է, որ պէտք է ընկերանայ այդ բառի արտաբերման միջոցին։
– Չհասկցա՛յ:
Միամտօրէն չհասկնալու պարագային, այս բառը «անմեղ» իմաստ կը զգենու: Սակայն, երբ ենթական այդ բառին կու տայ յաւելեալ շեշտ եւ ձայնային գունաւորում, նոյն բառը այս անգամ իր դիմացը գտնուող անձը վարկաբեկելու իմաստ կը ստանայ, այնպէս որ ատիկա կը դադրի «անմեղ» արտայայտութիւն մը ըլլալէ ու կը վերածուի յարձակողապաշտ նենգամիտ արարքի:
– Չհասկցա՛յ,- կ՛ըսէր մէկը, իրեն հետ այնքան յստակ խօսող եւ իր մտքերը շա՜տ լաւ բանաձեւելու կարողութեան տէր անձի մը, պարզապէս՝ չընդունելու համար անոր արտայայտած տեսակէտները: Սա՝ բանաւոր խօսքի պարագային: Դեռ կայ գրաւորը, որուն պարագային եւս կրնայ անձ մը արտայայտել միեւնոյն կեցուածքը:
Օրինակ, եթէ չուզէ ընդունիլ ուրիշի տեսակէտը տուեալ հարցին գծով, գրաւոր կը պատասխանէ անոր՝ հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններ զեղչելով ու պարզապէս ըսելով, թէ չէ՛ հասկցած անոր արտայայտած գաղափարները:
Ոմանց համար կրնայ «երկար ճամբուն կարճը» ըլլալ այս ձեւը, սակայն ամէն մարդ իրաւունք ունի բացատրութիւն պահանջելու, թէ ինչո՞ւ այդ կեցուածքը որդեգրուեցաւ իր անձին նկատմամբ: Ի՞նչն էր այն գլխաւոր պատճառը, որուն հետեւանքով «չհասկցուեցաւ» ինք՝ իր մտածումներով կամ նոյնիսկ գործերով: Մէկ խօսքով, մարդոց բերանացի թէ գրաւոր գաղափարները կրնան ընդունելի չըլլալ բոլորին կողմէ, սակայն գէթ կրնան «հասկցուիլ» ԳԻՏԱԿԻՑ, ԲԱՆԻՄԱՑ ու ԿՐԹՈՒԱԾ մարդոց կողմէ:
Դեռ, ծաղրական արտայայտութեան ալ կրնայ վերածուիլ «չհասկցայ» բառը, երբ ատոր ճամբով մեր դէմը եղողին պարտադրենք անգամ մը եւս կրկնել իր արդէն իսկ ըսած խօսքը: Վատ լսողութենէն բացի, այլ պատճառ ընդունելի չէ՛ նման հրահանգ մը տալու մեր խօսակիցին: Եթէ իսկապէս չենք հասկցած, բազմաթիւ այլ արտայայտութիւններով ու կերպերով կրնանք անոր ներողամտութիւնը խնդրել եւ լուսաբանութիւն պահանջել, ինչ որ «չհասկցայ»ն կրնայ փոխարինել շատ քաղաքավարութեամբ: Սակայն, երբ մասնաւոր դիտում կայ, նպատակ կայ նուաստացնելու խօսակիցը կամ որեւէ այլ գրութեան մը հեղինակը, այն ատեն «չհասկցայ»ն արդէն իր վատ դերակատարութիւնը ունեցած կ՛ըլլայ:
«Չհասկցայ»ին տուն տուող գլխաւոր պատճառներէն մէկը նախանձն է: Այն անձը, որ շատ «չի՛ հասկնար», անպայման տգէտ մը չէ, ո՛չ ալ կրթութեան պակասի հետեւանքով է որ շատ «չի՛ հասկնար», այլ անոր մօտ կայ դժբախտ ուրիշ երեւոյթ մը, որ կ՛արգիլէ իրեն հասկնալ այն, ինչ կը լսէ: Պատկերաւոր խօսքով՝ նախանձը լսողութեան տկարութիւն պատճառելէ աւելի, միտքի կեղծ տկարութեան մը պատճառ կը հանդիսանայ: Նախանձով լեցուն անձ մը, եթէ յիշողութեան այնքան մեծ կարողութիւն ունի ու բնաւ չի՛ մոռնար զինք գերազանցողներու դրական արարքները՝ տարբեր տարիներու գործուած, ապա ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ սովորական նախադասութիւն մը «չհասկնայ»: Իր այդ «չհասկնալ»ը համազօր է «շատ լա՛ւ հասկնալ»ուն: Փաստօրէն, լաւ հասկնալուն համար է, որ ան չհասկնալ կը ձեւացնէ պարզապէս…
Նախանձէն ծնող ոխը եւս արգելք կը հանդիսանայ «հասկնալ»ուն: Իսկապէս, նախանձներուն «չհասկցած»ը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ մարդոց յաջողութիւնները, որոնք անոնց կարողութեամբ կը գոյանան ու կը պսակադրեն յաջողակը: Ան «չհասկցող»ներու միտքէն բնաւ դուրս չի՛ գար: Նոյնիսկ եթէ հեռաւոր երկիրի մէջ ալ գտնուի, ժամանակ առ ժամանակ զայն յիշելու առիթը ինքնաբերաբար կը ներկայանայ, երբ «չհասկցող»ներ հասկնալո՛վ յիշեն անոր կողմէ արձանագրուած եւ արձանագրուող յաջողութիւնները: Ահա թէ ինչպէ՛ս նախանձէն կը ծնի ոխը, որուն ճամբան երկար է, չըսելու համար՝ յաւիտեան:
Վերոյիշեալ թակարդին՝ նախանձի ու ոխի պինդ աքցանին մէջ, շատ դիւրաւ կը բռնուին յատկապէս գաւառացիներ, որոնք իրենց ծննդեան օրէն շատ քիչ ճոխութիւն տեսած ըլլալով ու բնականաբար համեստ ապրած ըլլալով՝ շուտով կը տարուին շատը ունենալու անյագ ցանկութեամբ: Դժբախտաբար, դէպի իրենց ապագան ուղիղ նայուածք չեն ունենար անոնք, այլ շրջապատին նայելով ու բաղդատականներ ընելով՝ կ՛ուզեն յառաջդիմել, ինչի ընթացքին, անշուշտ, կ՛երեւի նախանձը՝ իր տարբեր գունաւորումներով ու այլակերպութիւններով: Ապագայի նշանակէտը իբրեւ հեռանկար ընտրելու փոխարէն, անոնք իրենցմէ աւելի լաւերը կ՛ընտրեն իբրեւ թիրախ ու զանոնք հարուածելով՝ ժամավաճառ կ՛ըլլան պարզապէս:
– Չհասկցա՛յ,- կ՛ըսէր դարձեալ իմաստուն երեւցող անմիտ մը, կարծէք աւելի՛ իմաստութիւն ըմպելու մարմաջով…
Երբեմն պէ՛տք է այդպիսիներ «չհասկնան», որպէսզի խաղաղ աշխատանքի ընթացքը չվրդովեն ու միայն «չհասկնալ»ու սահմաններուն մէջ անգործ դեգերին:
Անոնց «չհասկցած»ները ուշ թէ կանուխ հասկցողներ եւ շատ լա՛ւ հասկցողներ կ՛ըլլան, ու եթէ պէտք ըլլայ՝ իրենց ալ կը «հասկցնեն» թէ՛ ըսուածին իմաստը եւ թէ իրենց «չհասկնալ»ուն իսկական պատճառը:
Կեանքի ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, հակառակ կրթութեան ու լուսաւորութեան այս դարուն, նոյնիսկ համալասարանաւարտներու շարքերուն մէջ շատ պիտի հանդիպինք «չհասկցող»ներու: Անոնց «չհասկնալ»ուն կարեւորութիւն տալ՝ կը նշանակէ տգիտութիւն տարածել: Ուստի, մերժելու համար խաւարն ու անգիտութիւնը, պէտք է մեր «հասկցած»ին համապատասխան գործենք՝ անոնց ըսելով.
– Եթէ դուն չե՛ս հասկնար, ես ըսածս կը հասկնամ: