Կեանքի վերջին օրերուն, ան կը պայքարէր իր առողջական վատթարացաման դէմ՝ հետեւեալ խօսքերով.
«Արփինէ պինդ կաց,
Վերը կայ Աստուած,
Քեզ չի մոռնար անկասկած»։
Ոչ միայն Աստուած չի մոռնար Արփինէն, այլ այսօր նաեւ մենք՝ բոլոր իր սգակիր բարեկամներս։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Քնարիկ Արարատեանի սրտի խօսքը իր քրոջ՝ Արփինէ Արարատեան-Մոմճեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով.
Ականջ տուր ինծի, երկու խօսք ունիմ ըսելիք քեզի…
Կարօտեր եմ ես քեզ, շատ եմ կարօտեր…
Մեկնումդ՝ տարին բոլորած է արդէն, եւ ես տակաւին, հնչող զանգիդ ձայնը կը լսեմ…
Յուշիկ քայլերով գալդ կը սպասեմ…
Հանդարտ ու խոնարհ ձայնով խօսքերդ կը յիշեմ…
Խորհուրդ հարցնող, հարցեր վերլուծող… սուսիկ-փուսիկ որոշումներ կայացնող, խոհեմ աղջիկ…
Վերջին կանչի՛դ ալ հասայ ես քեզի եւ տեսայ, թէ ինչպէս սպասումի հայեացքդ ժպիտով լեցուեցաւ…
Եւ այդպէ՛ս, դուն հեռացար այս աշխարհէն ժպիտը դէմքիդ, կիրակնօրեայ շողերուն հետ, եւ սիրով ու յուզումով, յոգնած մարմինդ թեւերուս մէջ պարուրուած…
Բարի աղջիկ, իմ վերջին քոյր…
Ես քեզ շատ եմ կարօտեր…
Քնարիկ