
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը իր հերթական աշխատանքային նիստը գումարեց Զմմառու վանքին մէջ՝ մասնակցութեամբ պատրիարքական փոխանորդ, Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանի:
Օրակարգը կը վերաբերէր միօրեայ խորհրդաժողով-համագումարին, զոր կը նախատեսուի կազմակերպել յառաջիկայ աշնան: Խորհրդաժողովին պիտի ներկայացուին զեկուցումներ, Ցեղասպանութեան վերաբերող՝ Զմմառի արխիւատան մէջ գտնուող փաստաթուղթերուն, Վատիկանի արխիւներուն եւ լիբանանեան մշակութային ու հոգեւոր տարբեր կեդրոններու մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւներուն մասին: Իբրեւ զեկուցաբերներ նկատի առնուած են Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Իտալիայէն գիտաշխատողներ:
Համագումարի բաժինը առաւելաբար կը վերաբերի 100ամեակին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն:
Կը ծրագրուի հրաւիրել նաեւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները: