
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Կառավարութեան 14 Օգոստոսի նիստին կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է Հայաստանի տարածքին 540 մեկաուաթ հզօրութեամբ կազային ելեկտրակայանի կառուցման եւ շահագործման համաձայնագիրի հիմնադրոյթներուն: Համաձայնագիրը պիտի կնքուի կառավարութեան՝ ի դէմս Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան եւ «Անակլիա Այ. Ի. Փի. Հոլտինկ» ընկերութեան միջեւ։
Կազային ելեկտրակայան կառուցելու մտադրութեամբ Հայաստանի վարչապետին դիմած էր «Անակլիա Էնըրճի» կազմակերպութիւնը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով ֆինանսաւորել ելեկտրակայանի կառուցումը եւ կառավարութենէն ակնկալելով կազի երաշխաւորուած ծաւալի մատակարարում, անհրաժեշտ արտօնութիւններու, հարկային որոշ դիւրութիւններ։