
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի դաշնակցութեան, նախորդ շաբաթավերջին երեք օրերու վրայ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի բաժակի խմբային մրցաշարքը՝ մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ակումբներ:
Նախքան 3րդ օրուան մրցումներուն սկսիլը, լիբանանեան բանակի խումբը, որ իր կարգին մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, բոլոր մարզիկներուն նուիրեց կարմիր վարդեր՝ նկատի ունենալով, որ անոնք բոլորը մնացեալ լիբանանցիներուն նման զօրակցած էին լիբանանեան բանակին՝ Արսալի մէջ տեղի ունեցած ապահովական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:
Ինչ կը վերաբերի մրցումներուն, աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն, Կրեթթա Թասլաքեան («Ինթըր Լեպանոն») հանդիսացաւ առաջին՝ արձանագրելով 56.06 արդիւնք մը:
Աղջկանց գունդ նետելու մրցումներուն Քարին Պչաքճեան («Շանվիլ») հանդիսացաւ առաջին՝ արձանագրելով 19.53 մեթր արդիւնք մը:
Աղջկանց 110 մեթր արգելարշաւի մրցումներուն, Փաթիլ Եագուպեան («Անթունիէ») գրաւեց երկրորդ դիրքը՝ արձանագրելով 18.61 արդիւնք մը:
Ինչ կը վերաբերի խմբային ընդհանուր դասաւորման, առաջին դիրքը գրաւեցին լիբանանեան բանակը (տղաք) եւ Ժամհուր (աղջիկներ)։
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը՝ ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի դաշնակցութեան անդամներուն: