ՀԱՅԿԱԶ ԹՐԹՌԵԱՆ
Ճիշդ է, վերադարձող քեսապցին յուսախաբ է, բայց երբեք՝ յուսահատ։ Քեսապցին 100 տարուան մէջ երրորդ անգամն է, որ կը գտնուի այսօրուան «աւեր ու կրակ»ին դիմաց։
Ճիշդ է, Քեսապ ապահովութիւն չկայ տակաւին, բայց վայրկեան մը մոռնանք Սուրիան, ո՞ւր աւելի ապահովութիւն կայ, Իրա՞ք, Եգիպտո՞ս, Պաղեստի՞ն, Թուրքիա՞, Լիպիա՞, Ուքրանիա՞։
«Շնորհիւ» արեւմտեան աշխարհի «իմաստուն», «արդարադատ» ու «ժողովրդավար» ղեկավարութեան, ամբողջ Միջին Արեւելքը, չըսելու համար ամբողջ աշխարհը, վերածուած է եռացող կաթսայի։ Եւրոպան ու հեռաւոր Ամերիկաները մեր փրկութեան կռուանները չեն, այլ, ուշ կամ կանուխ, մեր ազգային գերեզմանատուները։
Մենք չենք կրնար սպասել, որ ապահովութիւնը վերահաստատուի, որ սկսինք վերաշինելու մեր տունն ու խանութը, մեր դպրոցն ու եկեղեցին, վերածաղկեցնել մեր անդաստանն ու մրգաստանը։ Շատերուն պէս եւ շատերուն հետ ես ալ կը սկսիմ մտածելու՝ խրատ տալը շատ դիւրին է, իսկ իրականութիւնը ապրիլը շատ դժուար, բայց հաւատացէք, որ կան պարագաներ, երբ հեռուէն դիտողը շատ աւելի կը տառապի, քան իրականութեան առջեւ գտնուողը, հակառակ անոր, որ ժողովրդական իմաստութիւնը կ՛ըսէ. «Ուտողը եւ համրողը նոյնը չեն»։
Թուրքը՝ դարերու մարդասպանը, մեր ուխտեալ թշնամին, որ Քեսապը այս օրին հասցուց, կը յուսայ, կը տենչայ, որ ա՛լ չվերադառնանք, եւ ուշացուած ամէն մէկ օր յաւելում մըն է իր ծրագիրներու իրականացման։
Ո՜վ իմ քեսապցի քոյրեր ու եղբայրներ, բոլորիս «սիրտը կ՛արիւնի Քեսապի ցաւով»։
***
Հեռու ըլլանք թէ մօտիկ, նոյնն է։ Քեսապը մեր մէջ է՝ մեր հոգիին մէկ մասը, մեր միտքին զսպանակը, մեր սիրտին տրոփը, եկէք վերականգնենք Քեսապը, որպէսզի անոր կանաչներուն հետ վերածաղկին մեր հոգիները, ազատագրուին մեր միտքերը տուայտանքի մղձաւանջէն, մեր սիրտերը խնդութեամբ բացուին կեանքին։ Քեսապը կ՛ապրի մեր մէջ, ինչպէս սաղմը հողին մէջ, ինչպէս բոյրը ծաղիկներուն մէջ, ինչպէս գոյնը լոյսին մէջ։ Քեսապը եղաւ մեր պապերուն ե՛ւ օրրանը, ե՛ւ գերեզմանը։ Դարերով անոնց քրտինքով ապրեցաւ, բայց նաեւ ապրեցուց զանոնք. անոնց փայփայանքով ծաղկեցաւ, բայց նոյն ատեն՝ անոր գիրկին մէջ գտան իրենց գոհունակութիւնն ու երջանկութիւնը։ Թերեւս աշխարհի ոչ մէկ անկիւն հողն ու մարդը այդ հարազատութեամբ չեն նոյնացած։
Քեսապցին իր հողին պարգեւած հացով ապրեցաւ, անոր բնութեան մաքրութեամբ ազնուացաւ, անոր լուսաւոր հորիզոններու պայծառութեամբ իմաստնացաւ ու դարձաւ ուսումնատենչ ու լուսաւորեց իր շրջապատը։
Ո՜վ իմ գիւղ հայրենի, դուն մեր մեռելներուն եդեմ եւ ողջերուն կարօտի կանչ, այդ կանչով իրար կը ձայնեն Աւստրալիայէն մինչեւ Քանատա, Ուրուկուէյէն մինչեւ արաբական անապատներ ցրուած զաւակներդ, դուն միայն միացման սոսինձ, եղբայրացման թթխմոր, հոգեկան ամպհովանի, մտածման աղբիւր, զգացմունքի շատրուան, կենցաղի կերտիչ, կամքի կռան, նկարագիրի կաղապար։
Արդ, կը կանչենք քեզի մեր տենչանքներու ամէնէն անխառն կանչով,
Կը բաղձանք քեզ մեր բաղձանքներու ամէնէն ազնիւներով,
Կը սիրենք քեզ մայր մը իր զաւակը սիրելու չափ։
Ուր ալ ապրինք, ինչ պայմաններու մէջ ալ ըլլանք, մենք քեզ գիտենք, դուն մերն ես, միայն մերը, չես կրնար ուրիշինը ըլլալ, չենք ձգեր որ ըլլաս։
Բարբարոսները տրորեցին «քո երեսը, քո դաշտերը ծաղկավառ»։ Պղծեցին մեր աղօթքի տուները, մեր գերեզմանները. քանդեցին, թալանեցին մեր բնակարանները, թունաւորեցին մեր ջուրերը, ականեցին մեր պարտէզներն ու ճամբարները… Բայց ի զուր։
Աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, հայրենի զոյգ պետութիւններով հանդերձ, ողջ հայութիւնը մէկ մարդու պէս կողքիդ կանգնեցաւ։ Դուն հայութեան ադամանդեայ թագն ես, հզօր ու անսասան։ Քու հաւատաւոր զաւակները աշխարհի մօտիկ ու հեռաւոր անկիւններէն, ձեռք-ձեռքի, սիրտ-սիրտի տուած, Քեսապ ապրող մեր եղբայրներուն հետ պիտի վերականգնենք մեր գիւղը, որ իր նմանը չունի իբրեւ բնութիւն, իբրեւ պատմութիւն։
Հաւատա՛, ով Քեսապ, ո՜վ Տուն հայրենի, դուն պիտի վերածաղկիս աւելի պայծառ, աւելի լուսաւոր ու շէն, քան երբեւէ։ Հաւատա՛ հաւատաւոր զաւակներուդ։
23 Յուլիս, 2014