ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն այցելած է Թուրքիոյ մէջ բուժում ստացող ատրպէյճանցի զինուորներուն, որոնք վիրաւորուած էին վերջին օրերուն հայկական դիրքերու վրայ կատարուած յարձակումներուն ընթացքին:
Տաւութօղլուն այս այցելութեան մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Այցելեցի մեր ատրպէյճանցի զինուորներուն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.