ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս». – Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի 30 ուսուցիչներ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ մասնակցած են «Ինչպէս Դասաւանդել Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման» խորագիրով ամառնային դասընթացքին: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանի համաձայն՝ իրենք մեծ կարեւորութիւն կու տան դպրոցներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի ճիշդ մատուցման, քանի որ անիկա որոշակի մարտահրաւէրներ կը պարունակէ: «Խնդիրն այն է, որ մեր դպրոցներում ցեղասպանութեան թեման վերջին տարիներին հայոց պատմութեան պարզապէս ընթացիկ թեմաներից մէկն է դարձել, մինչդեռ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի իւրայատկութիւնն այն է, որ յատուկ մօտեցում պէտք է դրան ցուցաբերել: Ինչու, որովհետեւ թեման իր մէջ կրում է բարդութիւններ, վտանգներ է պարունակում. սխալ մատուցման դէպքում այն լուրջ հոգեբանական ազդեցութիւն կարող է ունենալ երեխաների վրայ, կարող է բարդոյթներ առաջացնել նրանց մօտ: Այս դասընթացների իմաստն այն է, որ մենք փորձելու ենք նորովի, նոր մատուցման մեթոդաբանութիւն տալ հայոց պատմութիւն դասաւանդող մեր ուսուցիչներին, ովքեր յետագայում դպրոցներում կը կիրառեն այդ մեթոդաբանութիւնը», յայտնած է Սուրէն Մանուկեան:
Անոր համաձայն՝ ամառնային դպրոցի աւարտին պիտի մշակուի ուղեցոյց ուսուցիչներուն համար, թէ՝ ինչպէս անոնք ճիշդ պէտք է դասաւանդեն թեման: «Ուղեցոյցի մէջ կը լինի գրականութեան ցանկ, որը կը պարունակի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գրքեր, որոնք անցել են փորձաքննութիւն ու չեն պարունակում երկակի ճշմարտութիւններ», նշած է Սուրէն Մանուկեան:
Թանգարանի փոխտնօրէնին դիտարկումով՝ դասընթացքի կարեւոր շեշտադրումներէն է այն, որ պէտք է ձերբազատիլ զոհի բարդոյթէն, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան մատուցումը չըլլայ զոհի, կոտորուածի հոգեբանութիւնը տարածելն ու շարադրելը: «Այն աւելի պատասխանատու, աւելի գրագէտ, հպարտ սերունդ կրթելուն պէտք է ուղղուած լինի: Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնական նպատակը հայ ազգին հիմնովին վերացնելն էր, բայց մեր ազգը, լինելով տոկուն, պայքարող ազգ, կարողացաւ ոչ միայն վերապրել ցեղասպանութիւնը, այլեւ ստեղծել պետականութիւն ու 21րդ դար մտնել արդէն անկախ պետութեամբ: Այս շեշտադրումներն է, որ պէտք է փոխանցենք երեխաներին, պէտք է Հայոց Ցեղասպանութեան դասերը, խորհուրդները սովորել, բայց միաժամանակ հպարտ լինել մեր ազգով ու պատմութեամբ», ընդգծած է Սուրէն Մանուկեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայկական հարցին վերաբերեալ սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ կիրառելի դասագիրքի հեղինակ Ռուբինա Փիրումեան նախ ուսուցիչներուն ներկայացուցած է, թէ ո՛ւր է Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդման կարեւորութիւնը: «Եթէ ես օտար երկրի մէջ փորձէի քաջալերել օտար ուսուցիչները՝ տալու Հայոց Ցեղասպանութեան դասընթացք, պէտք է կրկնէի այն միտքը, որ՝ «անոնք, որոնք կը մոռնան անցեալը, դատապարտուած են անոր կրկնութեան ենթարկուելու»: Պիտի կրկնէի Հիթլըրին խօսքը՝ «եւ այսօր ո՛վ կը յիշէ հայերուն ցեղասպանութիւնը» եւ ըսել, եթէ աշխարհը ճանչնար հայկական ջարդերը, դատապարտէր ու պատժէր ոճրագործները, չէր ըլլար Ողջակիզումը», ըսած է դասախօսը:
Ան ուսուցիչները յորդորած է դաստիարակել այնպիսի սերունդ, որ իրազեկ է հայոց եւ համաշխարհային պատմութեան, տեղեակ է հոն արձանագրուած իրաւունքի կոպիտ խախտումներէն, որպէսզի հետագային նոր սերունդը չհանդուրժէ այդ խախտումները:
Ռուբինա Փիրումեանի համաձայն՝ պէտք չէ երեխաներուն մէջ սերմանել այն, որ հայերը խեղճ եղած են, այդ պատճառով ալ անոնք կոտորուած են։ «Պէտք է դուրս հանել այդ բարդոյթն ու վախը: Շատ ճիշդ է, որ ցեղասպանութիւնը կատարած են թուրքերը, իսկ քիւրտերն ալ գործիք եղած են անոնց ձեռքին: Բայց թուրքին դէմ ատելութիւն ու վախ ստեղծելը սխալ է, քանի որ այդ ժողովուրդը օր մը պիտի հասնի գիտակցութեան, իսկ անոնց հանդէպ վախով ապրիլը մեզի կը վնասէ», յայտնած է ամերիկահայ դասախօսը՝ խորհուրդ տալով սկզբնական շրջանին շատ զգուշօրէն խօսիլ ցեղասպանութեան մասին:
«Պէտք է սկիզբը սերմանել այնպիսի արժէքներ, ինչպէս՝ համագործակցութիւնն ու յարատեւ աշխատանքը, արդարութիւնն ու բարեկամութիւնը, ընկերասիրութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը», նշած է Ռուբինա Փիրումեան:
Երեւանէն Արցախ տեղափոխուած ու Քարվաճառի դպրոցականներուն հայոց պատմութիւն դասաւանդող Դաւիթ Եղիազարեան կարեւոր նկատած է նման սեմինարներու կայացումը, որովհետեւ անոնք առիթ են փորձառութիւնները փոխանակելու։ «Ուսուցիչները հանդիպում են, փորձի փոխանակում է լինում, նոր մօտեցումներ են իւրաքանչիւրն իր համար պարզում, որը կ՛օգնի երեխաներին թեման ներկայացնելու ժամանակ: Ցեղասպանութեան թեման շատ լայն է, շատ մասնագիտական նիւանսներ երբեմն ուսուցիչներին հասու չեն, որոնց ծանօթանալը շատ կարեւոր է», ըսած է երիտասարդ ուսուցիչը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ դպրոցականները որքանո՞վ տեղեակ են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ Դաւիթ Եղիազարեանը նշած է. «Այնքանով, որքանով ներկայացուած են դասագրքերում: Դասագրքերում բաւականին ծաւալուն ներկայացուած է թեման, բայց ցանկալի կը լինէր, որ ծրագրին զուգահեռ լինէին միջոցառումներ, քննարկումներ այդ թեմայով»:
Ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն դասախօսութիւններ ներկայացուցած են Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտաշխատող, հայոց լեզուի եւ գրականութեան դոկտոր Ռուբինա Փիրումեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հաստատութեան առաջատար գիտաշխատող Յարութիւն Մարութեանը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.