ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Մոսկուայում Յուլիսի 15ից ձերբակալուած ռուսաստանաբնակ հայ գործարար, ծնունդով արցախցի Լեւոն Հայրապետեանի առողջական վիճակը շարունակում է ծանր մնալ, որեւէ փոփոխութիւն այս պահին չկայ», «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է գործարարին ընկերը՝ Արթուր Սաֆարեան:
«Լեւոն Հայրապետեանի վիճակը նոյնն է, բնական է, որ հոգեբանօրէն էլ վատ կը լինի, ընկճուած վիճակում է, որեւէ փոփոխութիւն այս պահին չկայ, նա շարունակում է մնալ «Մատրոսսկայա տիշինա»ի 3րդ յարկում՝ բուժմասում», ըսած է ան:
Անոր համաձայն՝ 28 Յուլիսին ան հանդիպում ունեցած է փաստաբաններուն հետ, եւ հաւանական է, որ անկէ ետք նորութիւններ արձանագրուին։
Նշենք, որ Լեւոն Հայրապետեան կը տառապի բազմաթիւ հիւանդութիւններէ, որոնց կարգին՝ քաղցկեղէ, շաքարախտէ, վերջերս նաեւ ուղեղի կաթուած ունեցած է:
Ի պաշտպանութիւն հայ գործարարին՝ 31 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ երթ, որուն ընթացքին մասնակիցները Ազատութեան հրապարակէն պիտի ուղղուին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակ եւ Ռուսիոյ դեսպանատուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.