
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Հայաստանում ուսանողների աջակցութեան ծաւալների մեծացումը նպատակայարմար չէ», հաստատած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան՝ ներկայացնելով «Օրինաց Երկիր» խմբակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ առաջարկուած օրինագիծերու թղթածրարին վերաբերեալ եզրակացութիւնը:
Օրինագիծերուն մէջ կ՛առաջարկուի ընդլայնել բարձրագոյն եւ միջնակարգ ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներուն աջակցութիւնը, որոնց մէջ առեւտրական դրամատուներէ ուսման վարկերու գծով տոկոսներու փոխհատուցումը: Կառավարութեան եզրակացութեան մէջ նշուած է, որ՝ «դրա համար լրացուցիչ միջոցներ նախատեսուած չեն»: Այս գծով այլ առաջարկ մը՝ ուսման վարկերուն համար առաւելագոյն տոկոս սահմանելը կրկին կառավարութեան համաձայնութեան չէ արժանացած՝ նման քայլ մը նկատելով շուկայի կանոններու հակասում: