ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանին մէջ 22 Յուլիսին ականի պայթում մը պատճառած է վիրաւորներ, որոնց կացութիւնը կայուն–ծանր կը նկատուի։ Անոնք կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքը, ունին կտրտուածքներ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնները փոխանցած է «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնի մամուլի խօսնակ Շուշան Յունանեանը:
Կանուխ առաւօտեան Քաշաթաղի Վաղազին գիւղին մէջ «Թոյոթա Փրատօ» մակնիշի ինքնաշարժը պայթած է ականապատ տարածքին մէջ, վարորդը իսկոյն մահացած է, իսկ միւս երեք ուղեւորները, որոնց մէջ էր նաեւ Արմաւիրի քաղաքապետ Ռուբէն Խլղաթեանը, փոխադրուած են հիւանդանոց, իսկ աւելի ուշ Լեռնային Ղարաբաղէն ուղղաթիռով տեղափոխուած են Երեւանի «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն:
«Երեքի վիճակն էլ բժիշկներն այս պահին գնահատում են կայուն ծանր, երեքն էլ գտնւում են վերակենդանացման բաժանմունքում, բոլորի մօտ առկայ են պոլիտրաւմաներ՝ ուղեղի ցնցում, ուղեղի արիւնազեղում, ոտքի սրունքի բաց կոտրուածք, ողնաշարի կոտրուածք, ուղեղի սալջարդ: Առայժմ կարող եմ ասել քաղաքապետի մասին, ուրեմն՝ նրա մօտ առկայ է գլխուղեղի սալջարդ, ուղեղի արիւնազեղում, ձեռքի հինգերորդ մատի վնասուածք եւ դէմքի բազմաթիւ վէրքեր», տեղեկացուցած է Շուշան Յունանեան:
Լեռնային Ղարաբաղի արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան տուեալներուն համաձայն՝ ականը եղած է հակահրասայլային: Դէպքը տեղի ունեցած է Քաշաթաղի շրջանին մէջ գտնուող Վաղազին գիւղին շրջակայքը, ուր շուրջ մէկ տասնեակ ընտանիք կը բնակի:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման աշխատանքներ կատարող «ՀԱԼՕ Թրասթ» կազմակերպութենէն «Ազատութեան» յայտնած են, որ այդ տարածքին մէջ իրենք աշխատանք չեն տարած, քանի որ այդ տարածքին մէջ ականի առկայութեան մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցուած է իրենց։
Արձագանգելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ այդ ականը նոր տեղադրուած ըլլայ՝ «ՀԱԼՕ Թրասթ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Քալա Տանիլովան չէ կրցած ճիշդ պատասխան տալ՝ նշելով, որ յստակ տեղեկութիւն չունի այդ մասին:
Լեռնային Ղարաբաղի արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան բանբեր Արմէն Նարիմանեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենց տուեալներով՝ Քաշաթաղի շրջանի այդ տարածքներուն մէջ ընդհանուր առմամբ չկան ականապատ դաշտեր, սակայն յատուկենտ ականներու առկայութիւն հաւանական է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.