ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վրաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեկեղեցական կապերու բաժինի ղեկավար, Զուգտիտի եւ Ցիաշի հոգեւոր առաջնորդ Գերասիմ 22 Յուլիսին հանդիպում ունեցած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Միրզախանեանի հետ եւ քննարկած է Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ վրայ յարձակումը: «Գրուզիա օնլայն»ի համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը շեշտած են, որ միջադէպը չունի հոգեւոր եւ ցեղային բնոյթ: «Թիֆլիսի հայկական Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ վրայ տեղի ունեցած յարձակումը անընդունելի է, եւ Վրաստանի Ուղղափառ եկեղեցին կը դատապարտէ այդ միջադէպը ու կողմերուն խաղաղութեան եւ հանդարտութեան կոչ կ՛ուղղէ։ Բացի այդ, վրացական եկեղեցին պիտի փորձէ նպաստել խնդիրի կարգաւորման ու կրօնական բոլոր ներկայացուցիչներու խաղաղ գոյակցութեան», նշուած է այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.