
ԷՆՍԻՆՕ.- Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւին, հոգաբարձութեան եւ Սուրբ Գրոց սերտողութեան խմբակներուն, Հոգեգալստեան տօնի սիրոյ ճաշը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 8ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Տիգրանեան» սրահին մէջ։
Այս խմբակները եկած էին թեմի հինգ շրջաններէն՝ Ս. Սարգիս եկեղեցի (Փասատինա), Ս. Աստուածածին եկեղեցի (Կլենտէյլ), Ս. Խաչ Մայր տաճար (Մոնթեպելլօ) եւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի (Օրենճ Քաունթի)։ Հիւրընկալն էր Ս. Նահատակաց եկեղեցին։
Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան փոխանցեց ներկաներուն առաջնորդ սրբազան հօր մաղթանքները եւ քաջալերանքը, ապա բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Սեղաններու օրհնութենէն ետք ճաշը սպասարկուեցաւ։
Գրիգոր Մսըրլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ պատուարժան հոգաբարձութեան, սրահը տրամադրելու եւ այս գեղեցիկ առիթը ստեղծելու համար. ապա անդրադարձաւ Հոգեգալստեան օրուան խորհուրդին՝ հայերէնով եւ անգլերէնով։
«Աւելի քան 1700 տարիներ, Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցին կը շարունակէ վկայել Ս. Հոգւոյ գալուստը՝ Ս. պատարագներով, շարականներով եւ քարոզչութեամբ վկայ դառնալով Ս. Հոգիի զօրութեան եւ փրկութեան։ Այսօր, մենք ալ կը շարունակենք մեր սրբազան նախահայրերու սուրբ գործը՝ «Բարի Լուր»ը տարածելու», ըսաւ ան, ապա հրաւիրեց տոքթ. Յակոբ Տիգրանեանը, վարելու համար օրուան յայտագիրը։
Տիգրանեան իր խօսքին մէջ յիշեց այս տօնական օրուան աստուածային իմաստը, երբ Ս. Հոգին իջաւ առաքեալներուն վրայ որպէս հրեղէն լեզուներ, եւ բոլոր հաւատացեալները լեցուեցան Ս. Հոգւոյ զօրութեամբ։
Յակոբ Տիգրանեան առաջին հերթին հրաւիրեց Վիքի Թընըրը, որ իր գեղեցիկ ձայնով երգեց Հոգեգալստեան նուիրուած «Առաքելոյ աւազանոց իջանելով մեծաձայն հնչմամբ ի բարձանց» շարականը։
Յաջորդիւ, Նուարդ Պալըքճեան, Ցոլակ Չիլինկիրեան եւ Շանթ Ասլանեան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով կարդացին «Գործք Առաքելոց» գիրքի գլուխ 2, 1-13 համարները։ Սագօ Կէնճեան եւ Հրաչ Եսայեան նուագեցին ու երգեցին կրօնական երգեր՝ բոլորին տրամադրութիւնը բարձրացնելով։
Նայիրի Գոճապապեան եւ Օննիկ Թէմպէքճեան երկլեզու կարդացին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքէն Ս. Հոգւոյ փառաբանութիւնը եւ զօրութիւնը։ Ապա, Լուսաբեր Գապագլեան եւ Ցոլակ Չիլինկիրեան ընթերցեցին «Գործք Առաքելոց»ի գլուխ 1, 7-11 համաները, ուր Քրիստոս իր աշակերտներուն հրահանգեց չհեռանալ Երուսաղէմէն՝ ըսելով. «Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, սակայն դուք մօտ ատենէն Ս. Հոգիով պիտի մկրտուիք»։
Օրուան պատգամը հայերէնով տուաւ Թամար Կապրիէլ։ Ան բացատրեց, թէ Հոգեգալուստը սերտօրէն կապուած է Յիսուսի Ծննդեան, Յարութեան եւ Համբարձման տօներուն հետ, եւ կարելի չէ այս պատմական իրողութիւնները իրարմէ բաժնել։ Ան եզրակացուց, թէ Պետրոս առաքեալ ժողովուրդին քարոզեց՝ ըսելով. «Ապաշխարեցէք եւ մկրտուեցէք Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով», եւ այդ իսկ օրը, հաւատացեալներու թիւը 3000 հոգիով աւելցաւ։
Յայտագիրի երկրորդ մասով, Արփինէ Կիտցինեան ասմունքեց բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը, եւ նշեց, որ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, քարոզի մը մէջ բացատրած է, թէ թշնամին կրցաւ քանդել մեր եկեղեցիները, սակայն չկրցաւ գտնել ու քանդել այդ գաղտնի ճամբան, որ դէպի երկինք կը տանի՝ մեր հաւատքը։
Յարութ Մեսրոպեան անգլերէնով բացատրեց, թէ Հոգեգալուստը մեր եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնն է ու Աստուծոյ խոստումի գործադրութիւնը՝ Յովելիա մարգարէի միջոցաւ։
Սագօ Կէնճեան եւ Հրաչ Եսայեան դարձեալ երգեցին ու խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին, ապա Հերմինէ Սանճեան եւ Սեդա Թէմպէքճեան կարդացին Պօղոս առաքեալի Եփեսացւոց նամակէն գլուխ 4, 3-7 համարները, ուր առաքեալը կը շեշտէ Ս. Հոգիի պարգեւած միութիւնը պահել խաղաղութեան շաղկապով։
Յաջորդիւ, Էմմա Նաւշադեան եւ Վիքի Թըրնըր կարդացին Պօղոս առաքեալի Հռոմէացիներու նամակէն գլուխ 12, 4-11 համարները, ուր առաքեալը կը բացատրէ Ս. Հոգիի պարգեւները՝ «Մարգարէութիւն, պատգամել, ծառայել, ուսուցանել, յորդորել, ողորմիլ, իր ունեցածը ուրշներուն բաժնել. վերակացու եղողը եռանդագին թող աշխատի»։
Նաեւ, Նուարդ Պալըքճեան եւ Զուարթ Մերմերեան երկլեզու ընթերցեցին Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներու առաջին նամակէն գլուխ 12, 4-11 համարները, ուր առաքեալը կը բացատրէ Ս. Հոգիի շնորհքները՝ «Իմաստութեամբ յորդորելու, հոգեւոր գիտութեան հասնելու եւ ուսուցանելու, հաւատքով բժշկելու, մարգարէական պատգամախօսելու, պարգեւները ճանչնալու, տարբեր լեզուներով խօսելու եւ խօսուածը մեկնաբանելու»։
Վերջաւորութեան, ներկաները յոտնկայս երգեցին «Կիլիկիա»ն եւ բաժնուեցան՝ իրենց հետ տանելով գեղեցիկ յիշատակներ։ Վարձքը կատար բոլոր մասնակցողներուն։
Ներկաներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններու գումարը փոխանցուեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, զայն գործածելու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ