
Այսօր՝ 19 Յուլիսին Երեւանի մէջ պիտի սկսի Համազգայինի 21րդ ուսանողական հաւաքը (ֆորում), որ գեղեցիկ ու օգտաշատ սովորութեան վերածուած ծրագիր մըն է: Արդարեւ, անիկա աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականներուն համար կը դառնայ համախմբման իւրայատուկ առիթ, կամրջում կը ստեղծէ անոնց միջեւ, ազգային արմատներուն ու մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից կը դարձնէ, առիթ կու տայ կատարելու քննարկումներ՝ հայկական ուրոյն իրականութեան, մշակոյթի արժէքներուն պահպանման, ազգային նկարագիրի կառչածութեան դիմաց ցցուող մարտահրաւէրներուն մասին, նաեւ գիտնալու, թէ ի՛նչ են հայ համալսարանականին պարտականութիւնները այս բոլորին մէջ:
Այս տարի Համազգայինի ուսանողական հաւաքին պիտի մասնակցին 32 ուսանողներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Քանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն, Պրազիլէն, Աւստրալիայէն, Ֆրանսայէն եւ Վրաստանէն:
18 Յուլիսին երեկոյեան Լիբանանէն Հայաստան մեկնեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ 9 մասնակիցները, ինչպէս նաեւ հաւաքի պատասխանատու կազմը։
17 օրերու ընթացքին համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու Հայաստանին՝ իբրեւ զբօսաշրջական երկիր եւ իբրեւ հարազատ տուն, հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, պիտի լսեն պատմամշակութային նիւթերով դասախօսութիւններ, պիտի քննարկեն ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ խնդիրներ:
Հաւաքին մասնակիցները վերջին 4 օրերուն պիտի այցելեն նաեւ Արցախ։
Համազգայինի ուսանողական հաւաքի ծրագիրը բաղկացած է երեք հիմնական բաժիններէ. առաջին՝ զբօսաշրջական, երկրորդ՝ այցելութիւն այնպիսի վայրեր, ուր պարզ զբօսաշրջիկ մը չի կրնար երթալ, ինչպէս՝ զօրամաս, պետական համալսարան, խորհրդարան, մանկատուն, երրորդ՝ խմբային աշխատանքի դրութիւն։ Ասոնց զուգահեռ կայ դաստիարակչական ծրագիր մը, որուն գործադրութեան համար երիտասարդներուն հետ մնայուն ներկայութիւն կ՛ըլլան դասախօսներ, այս տարի հաւաքի մասնակիցներուն պիտի միանան Քլոտ Մութաֆեանն (Ֆրանսայէն) եւ Հրանդ Մարգարեանը (Նիւ Եորքէն)։ Դաստիարակչական ծրագիրը չի կեդրոնանար միայն դասախօսութիւններուն վրայ, այլ հիմնական շեշտը կը դրուի քննարկումներուն վրայ։