
ԼՕԽի 55րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11, Շաբաթ, 12 եւ Կիրակի, 13 Յուլիսին, ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Զեփիւռ Ռէյիսեանի։ Եռօրեայ աշխատանքի 5 նիստերուն ընթացքին ժողովը քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերէ եկած առաջարկները եւ պատրաստեց համապատասխան բանաձեւ: Եռօրեայ աշխատանքի աւարտին ժողովը ընտրեց 2014-2016 տարեշրջանին համար նոր Շրջանային վարչութիւն մը՝ հետեւեալ կազմով. Թալին Գլպաշեան, Լիլիան Օրտողլեան, Իսկուհի Գաբլանեան, Սօսի Արամեան, Սիրուն Վարդապետեան, Սանդուխտ Հերկելեան, Ազատ Սարգիսեան, Այտա Խուստիկեան, Մարօ Սալխանեան, Սիլվա Գարակէօզեան եւ Վարդուհի Տէվէլեան:
Ընտրուեցան նաեւ 3 փոխանդամներ՝ Սալբի Աննայեան, Սեւան Ադամեան եւ Հուրի Պաճիկեան: