ԵՐԵՒԱՆ.– Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յանձնարարած է տարածքային կառավարման մարմիններուն, համայնքներուն, գիւղատնտեսութեան նախարարութեան ու Տարածքային կառավարման նախարարութեան՝ մինչեւ կառավարութեան յառաջիկայ նիստը յանձնաժողով ստեղծել, պատրաստել ու ներկայացնել Շիրակի մարզին մէջ կարկուտի պատճառած վնասներուն տարողութիւնը:
«Երէկ մենք այցելել ենք Շիրակի մարզ եւ եղել բազմաթիւ համայնքներում: Ունենք լուրջ խնդիրներ, մօտ 21 համայնքում կարկտահարութիւնից յետոյ բերքը 100 տոկոսով ոչնչացել է: Կորստի չափերը ստանալուց յետոյ մենք կառավարութիւնում որոշում կը կայացնենք մեր հնարաւորութիւնների սահմաններում աջակցելու գիւղացիներին», 10 Յուլիսին կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարած է վարչապետը:
Աբրահամեան նաեւ նշած է, թէ տեղեկութիւններ ունի այն մասին, որ Ստեփանաւանի մէջ եւս իրավիճակը գոհացուցիչ չէ: Ան գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանին յանձնարարած է կառավարութեան նիստէն ետք երթալ Ստեփանաւան եւ ճշդել իրավիճակին իսկութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.