
ԵՐԵՒԱՆ.– «Հայաստանի ամենախոշոր քրէակատարողական հիմնարկի ցմահ դատապարտեալների օրինական պահանջները կը բաւարարուեն», յայտարարած է արդարադատութեան նախարար Յովհաննէս Մանուկեանը 3 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
«Նախարարութիւնը ներկայումս զբաղւում է անցեալ ամիս հացադուլ յայտարարած դատապարտեալների հարցերով, բոլոր շուրջ երեք տասնեակ մարդիկ արդէն դադարեցրել են հացադուլը», նշած է ան։
Նախարարը նաեւ աւելցուցած է, որ պիտի չընդառաջեն ողջամտութեան սահմաններէն դուրս եղող պահանջներուն։