ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամէնէն քաղաքագէտ ու իր արտաքին յարաբերութիւնները հեռատեսութեամբ կարգաւորող պետութիւններն իսկ երբեմն կը կատարեն սխալներ, որոնք իրենց երկրի ապահովութեան եւ ժողովուրդի անվտանգութեան մեծ հարուած կը հասցնեն:
Ժողովրդային հին իմաստութեան խորհրդանիշ դարձած Արեւելեան նշանաւոր Կրօնաւորը, կ՛ըսուի, թէ օր մը ծառ բարձրացած ըլլալով, իր կեցած ճիւղը կը սղոցէր: Թէ ի՞նչ նպատակով եւ կամ ինչպիսի՞ խորամանկութեամբ կը կատարէր այդ դերասանութիւնը ան, կարեւոր չէ՛ այստեղ մեզի համար: Սակայն, թէ կեցած ճիւղը սղոցելուն հետեւանքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, շատ պարզ է բոլորիս համար:
Ապագայի նկատմամբ ամէն տեսակի անհեռատես մօտեցումներ, իր կեցած ճիւղը սղոցելու անմտութեան կը նմանին, ի՛նչ ալ ըլլան դիտումները կամ կատարուած հաշուարկները: Դուրսէն դիտողը կամ սոյն արարքին ականատես վկաները հանդիսացող անձերը, անկասկած ապուշ պիտի համարեն այն անձը, որ իր կեցած ճիւղը սղոցելու «քաջասիրտ» արարքին նուիրուած է…
Բնականաբար հեգնանքով այսպիսի անձերը «քաջասիրտ» կոչեցինք, որովհետեւ անոնք եթէ իսկապէ՛ս զոհողութիւն յանձն առած ըլլային նման գործ կատարելու, անձնազոհ մարդիկ պիտի համարէինք զիրենք: Սակայն, երբ վստահ ենք, որ անհեռատեսութեան պատճառով իրենց կեցած ճիւղը կը սղոցեն անոնք, ուրեմն անոնք չեն ալ գիտեր, թէ ո՛ր ճիւղն է իրենց սղոցածը: Վար իյնալու եւ հաւանաբար մեռնելու դէպքն ալ պարզ լեզուի մէջ նահատակութիւն կը կոչուի, իսկ այս պարագային զոհը կը դառնայ «էշ նահատակ», որովհետեւ չի՛ գիտեր թէ իր անզգուշութեա՛ն համար վար ինկաւ ու մեռաւ: Մինչ եթէ հեռատես մօտեցում ցուցաբերէր, պէտք է քննէր նախապէս իր կեցած տեղը եւ նայէր այն ճիւղի ամբողջ երկայնքին, որուն վրայ պիտի տարուբերէր իր սղոցը:
«Կեանքի ծառ» կրնանք կոչել այդ ծառը, որուն վրայ սղոց պիտի շարժենք մեր կեանքը կոկելու եւ դասաւորելու համար: Կրօնական բացատրութեամբ կամ Աստուածաշնչական կոչումով «Կենաց Ծառ»էն շատ հեռու է այս գրութեամբ մեր բացատրած «Կեանքի ծառ»ը, որ պարզապէս կեանքի տեւողութիւնը կը խորհրդանշէ:
Հարցումով մը կրնանք սկսիլ մեր քննարկումին:
_ Ո՞վ կրնայ սղոց շարժել այս «ծառ»ին վրայ:
_ Ամէ՛ն ոք, որ այս կեանքին մէջ կ՛ապրի:
Ուրեմն, իւրաքանչիւր անձ որ տէրն է իր կեանքին, կրնայ իրեն համար դասաւորումներ կատարել, ծրագիրներ մշակել, ապագայ կերտել, իր քաղաքականութիւնը ճշդել՝ յարաբերաբար կեանքի բոլոր դէպքերուն, այսինքն սղոցել այս «ծառ»ի ճիւղերէն յարմարագոյնները՝ իր հայեցողութեամբ կոկելու համար զայն: Հակառակ այս թոյլտուութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին, դարձեալ հանրային կարծիքով յիմար կը համարուին անոնք, որոնք իրենց կեցած ճիւղը կը սղոցեն:
Ընկերային կեանքի մէջ ծաղկող «ծառ»երը՝ մարդկային կեանքերը, անօրինակ գեղեցկութիւն կու տան կեանք-պարտէզին, մանաւանդ երբ իրենց զանազանութիւններով, տեսականիի թէ բոյրի տարբերութիւններով, կը զարդարեն այդ պարտէզը:
Մարդկային ընկերութիւնը կը հաւատայ, թէ այդ «ծառ»ին ճիւղերը սղոցելու իրաւունք ունին նաեւ դաստիարակներ, ըլլան անոնք ծնողներ թէ ուսուցիչներ, պատասխանատուներ թէ մարզիչներ, կրօնական, քաղաքական, ընկերային թէ հասարակական այլ բնագաւառներէ ներս կազմակերպչական դեր ստանձնած մարդիկ: Ուրեմն, անոնք դաստիարակչական աշխատանքի լծուած ըլլալով, պարտաւորութիւնը ունին յղկելու եւ ձեւաւորելու իրենց յանձնուած մարդոց «Կեանքի ծառ»ը: Եւ ահա այստեղ է, որ երբեմն կը կատարուին ո՛չ միայն անդարմանելի սխալներ, այլ կ՛իրագործուի կեանքի ամէնէն ապուշ գործը՝ կեցած ճիւղը սղոցելու յիմարագոյն արարքը:
Փորձառու դաստիարակներ թէ հասուն ծնողներ երբեմն չե՛ն անդրադառնար, թէ իրենց ապագային համար կարեւոր մէկ անձին կամ իրենց ծերութեան տարիներուն զիրենք խնամելու կոչուած զաւակին կեանքը փճացնելով, սղոցած կ՛ըլլան այն ճիւղը, որուն վրայ կեցած են: Ասիկա պիտի նմանէր այն յիմար մարդուն, որ ցերեկը պիտի քանդէր այն տունը, որուն մէջ գիշերը պիտի քնանար: Անմի՛տ մարդ, ո՞ւր պիտի քնանաս գիշերը, ո՞ւր պիտի հանգչեցնես գլուխդ, երբ քանդած ես արդէն տունդ… Մանուկին «Կեանքի ծառ»ը խնամքիդ յանձնողը Աստուած Ի՛նք է՝ իսկական պարտիզպանը: Դուն որ ծառերը յօտելու եւ խնամելու կոչուած ես, ի՞նչ անհեռատես քաղաքականութեամբ կը փճացնես այդ պարտէզը: Աշխարհի պատմագիրքին մէջ անունդ իբրեւ պարտիզպան, ինչպէ՞ս պիտի յիշուի արդեօք: Կարելի՞ է պատկերացնել, թէ իր կեցած ծառը սղոցող պարտիզպանը կոչուի «իմաստուն պարտիզպան«, թէ՞… Սոյն յօդուածին սկիզբը յիշուած Արեւելեան Կրօնաւորին չափ սրամիտ մարդիկ ալ չմնացին ո՛չ կրօնաւորներուն մէջ, ո՛չ ալ աշխարհականներու դասին մէջ, որոնք գէթ կարողանային բացատրութիւն տալ իրենց կեցած ճիւղը սղոցելու արարքին ետին թաքնուած ծրագիրին մասին:
Ամէն պարագայի, անհեռատես քաղաքականութիւնը ցայսօր այնպիսի ողբերգութիւններու պատճառ հանդիսացած է, որ ամէնէն փորձառու քաղաքագէտներն անգամ երկրէ երկիր թռչկոտելով, հարիւրաւոր քաղաքագէտներու հետ խորհրդակցելով, չե՛ն յաջողիր լուծում բերել մարդկային ընկերութեան կեանքը խոցոտող հոգեկան ցաւերուն ու անոր մարմինին վրայ կոտտացող արիւնալի վէրքերուն:
Վերեւը երկու պարագաներ յիշեցինք՝ կեցած ճիւղը սղոցելու արարքին առնչութեամբ: Մէկը, երբ ինքն իր կեցած ճիւղը կը սղոցէ, միւսը՝ երբ նոյնը կը կատարէ դաստիարակող անձը՝ իր խնամքին յանձնուած մարդուն ի վնաս: Ի՞նչ կը խորհիք, ասոնցմէ ո՞ր մէկը աւելի արժանի է պատիժի, եւ այդ նոյն արարքը կատարողներէն ո՞ր մէկը աւելի յանցապարտ է:
Մեր համեստ կարծիքով՝ երկրորդը: Որովհետեւ առաջինը կրնայ անփորձութեան պատճառով սղոցել իր կեցած ճիւղը եւ վար իյնալ՝ անգիտակից նահատակը դառնալով տուեալ պահուան: Սակայն, դաստիարակը երբ նոյն գործը կատարէ, մանաւանդ իրեն յանձնուած անձին հասցնելով մահաբեր վնաս, ներման արժանանալու ամէն հնարաւորութիւն կը կորսնցնէ…
Անհեռատես քաղաքականութեան հետեւանք են անհատական եւ հաւաքական կեանքի մէջ պատահող դժբախտութիւնները: Օգնե՛նք «Կեանքի ծառ»ին վրայ բարձրացած միամիտներուն ու անոնց դաստիարակներուն: