
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեծ խնդիրները լուծելու համար մեծ կառոյցներ պէտք է ստեղծել կամ՝ ստեղծուածներուն վստահիլ:
Այդ մեծերու շարքին են Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը, Սուրիոյ Հայութեան Աջակցութեան Հիմնադրամները՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործակցութեամբ:
Փոքր խնդիրներ կը լուծեն բարի կամքի տէր, առատաձեռն, ստեղծագործ մարդիկ:
Զբօսաշրջիկներ, որոնք Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի տարբեր շրջաններ կ՛այցելեն, գիւղացիներու հետ կը հանդիպին, կը ծանօթանան մարդոց, ընտանիքներու կամ համայնքներու դժուարութիւններուն, կը յուզուին, կը խանդավառուին, կ՛ոգեւորուին ու իրենց վերադարձին, անոնցմէ շատերը գործնական քայլերու կը դիմեն՝ լուծելու այս կամ այն խնդիրը:
Որոշ խնդիրներ կը լուծուին առանձին, անհատական միջոցներով՝ դեղ, բժիշկ, կրթաթոշակ, փոքրիկ տնտեսութեան ստեղծում եւ այլն: Այլ խնդիրներ կը լուծուին հաւաքական ճիգերով, բայց, անշուշտ՝ մէկ կամ երկու հոգիի նախաձեռնութեամբ:
Ահա՛ «Ֆէյսպուք»եան օրինակ մը:
«Ֆէյսբուքի օգտատէրերի օգնութեամբ Չինարիի ջրի խնդիրը լուծուած է:
Տեղեկատուական անվտանգութեան փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանը Ֆէյսբուքի իր էջում երէկ գրառում էր թողել՝ խնդրելով օգնել Տաւուշի սահմանամերձ Չինարի գիւղում ջրի խնդիրը լուծելուն: Խողովակների, ջրամբարի եւ անհրաժեշտ այլ պարագաների համար պէտք է եղել 460 հազար դրամ:
Մի քանի ժամում այս յայտարարութիւնը տարածուեց Ֆէյսբուքում, եւ այսօր արդէն Սամուէլ Մարտիրոսեանը գրել է, որ Ադրբեջանի պարբերական գնդակոծութեան տակ գտնուող գիւղին աջակցելու համար հաւաքուել է անհրաժեշտ գումարի կրկնակին:
341 հազար դրամ՝ չհաշուած բանկային փոխանցումները, որոնք դեռ չեն նստել հաշուեհամարին: Բացի դրանից, 450 հազար դրամ տրամադրել են Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի աշխատակիցները»։
Նոյն տեսակի նախաձեռնութիւններու աւելի յաճախ կը հանդիպինք Սփիւռքի մէջ, «Փարոս»էն սկսեալ մինչեւ ONEArmenia, մեծ ու փոքր տարողութեամբ, ու գրեթէ մնայուն կերպով ծրագիրներ կ՛որդեգրուին ու կ՛իրականացուին ազգակիցներու մեծ ու փոքր նուիրատուութիւններով:
Փոքր խնդիրներ լուծելու ամէնէն ազդու բանաձեւը հետեւեալն է.
ա.- Պարզ ու ամբողջական ձեւով բացատրել ծրագիրը.
բ.- Ներկայացնել պահանջուած գումարը՝ իր բաժանումներով.
գ.- Ճշդել ժամկէտ մը։
Ծրագիրը անպայմանօրէն կը յաջողի, եթէ նախաձեռնողը վստահելի է, որոշ վարկի ու յարգանքի տէր:
Հաւաքուած գումարը տեղ հասցնելու եւ խնդիրի լուծման փաստերը հրապարակելու միջոցաւ կ՛երաշխաւորուի յաջորդ ծրագիրի իրականացումը:
«Ասպարէզ»ն ալ կը մտմտայ նման փոքր ծրագիրներ իրականացնելու մասին, յատկապէս՝ սահմանամերձ գիւղական շրջաններու մէջ:
Կը յստակացնենք ծրագիր(ներ)ը, ապա կը ներկայանանք հանրութեան: