ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի մէջ Մարտի կէսերուն քեսապահայութեան աջակցութեան նպատակով մեկնարկած դրամահաւաքին իբրեւ արդիւնք հաւաքուած է 33 հազար 515 տոլար: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է նախաձեռնութեան հեղինակներէն Վարուժան Աւետիքեան, որ աւելցուցած է, թէ այդ գումարը օգտագործուած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ գտնուող հազարէ աւելի քեսապահայերուն աջակցելու համար: Անոր համաձայն՝ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կայ քեսապահայ 300 ընտանիք՝ 944 հոգի. իւրաքանչիւր ընտանիք ամսական դրութեամբ ստացած է աւելի քան 500 տոլար։
«Քեսաբում տեղի ունեցած մարտերի ժամանակ եւս 88 ընտանիք հեռացել էին Լիբանան: Նրանց աջակցելու նպատակով «Ճինիշեան» հիմնադրամը Բէյրութում գործող մասնաճիւղին տրամադել է 5 հազար 380 դոլար: 270 քեսաբահայերի համար տրամադրուել են նաեւ յատուկ կտրօններ՝ հագուստ եւ կօշիկ գնելու համար», դիտել տուած է Աւետիքեան: Աշխատանք կը կատարուի նոյնանման կտրօններ յատկացնել նաեւ Այնճարի մէջ ապաստանած քեսապահայերուն։ Ներկայ դրութեամբ դրամահաւաքը կասեցուած է, որպէսզի նախ կարելի ըլլայ ճշդել, թէ ի՛նչ պիտի ընեն քեսապցիները՝ Քեսապ վերադառնա՞ն, թէ մնան ուր որ են. այդ հիման վրայ պիտի շարունակուին օժանդակութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.