ՊԱՂՏԱՏ.- Իրաքի փոխվարչապետ, քարիւղի հարցերու պատասխանատու Հիւսէյն Շահրիստանի կտրականօրէն հերքած է մամուլի մէջ շրջող այն լուրերը, ըստ որոնց՝ Պայճի քարիւղի մշակման գործարանը ինկած է «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան» զինեալներու ձեռքը: «Իրաքեան կառավարական ուժերը տակաւին կը պաշտպանեն գործարանը», յայտարարած է փոխվարչապետը՝ աւելցնելով, որ մարտերու ընթացքին սպաննուած է ընդդիմադիրներու ղեկավարներէն Ապու Քութատա եւ իր 19 զինակիցները: Ըստ Շահրիստանի՝ իրաքեան բանակը յաղթանակներ արձանագրած է տարբեր ճակատներու վրայ:
Իրաքի բանակի բանբեր գնդապետ Քասիմ Ալթա Երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ կառավարական ուժերը վերագրաւած են սահմանային երկու անցակէտեր, որոնք նախօրէին ինկած էին զինեալներու հակակշիռին տակ:
Իրաքեան բանակի կողքին կը կռուին սիւննի ցեղախումբերու զինեալներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.