Գերդաստան
Լուսանկարիչ ընկերը ցոյց կու տայ իր նոր թուայնացուցած մէկ գործը. քանատահայ գերդաստանի մը խմբանկարը: Թարմացած ու փայլուն թուղթի վրայ վերատպուած՝ բառացի իմաստով վերակենդանութիւն գտած, այդ լուսանկարին մէջ կան գերդաստանի բոլոր անդամները, որոնց նախահայրերը Պիթլիսէն գաղթած են: Հոն կայ չորս սերունդ, որոնց նորածիններն ու ամէնէն տարեցները առջեւը նստած են: Միջին տարիքի մայրերն ու հայրերը գրաւած են լուսանկարին կեդրոնական մասը, իսկ ամուսնութեան տարիքին հասած երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները, որոնք, միեւնոյն ժամանակ ամէնէն բարձրահասակներն են, աջ ու ձախ ծայրերն են եւ ետեւները:
– Մեր գործին կարեւոր մէկ մասը այլեւս,- կ՛ըսէ լուսանկարիչ բարեկամը, որ Պոլիսէն եկած հաստատուած է Քանատա,- հին նկարներ վերանորոգել ու թուայնացնել է: Հոս շատ հին հայ ընտանիքներ կան: Բոլորն ալ կ՛ուզեն իրենց ընտանեկան լուսանկարները խտասալիկներու վրայ արձանագրել տալ ու իրենց գերդաստանին պատմութիւնը սերունդէ սերունդ աւանդել:
Մինչ լուսանկարիչը կը շարունակէ այդ ստեղծագործութեան բարեմասնութիւններուն մասին խօսիլ, ստուգաբանութիւնը պարզապէս կը նկատէ, թէ «գերդաստան» բառը դարերու ընթացքին որքա՛ն նօսրացած է ու զրկուած կը տեսնուի իր երբեմնի պարունակութէնէն:
Նախ յիշենք, թէ «գերդաստան» բառով այսօր կը հասկնանք ազգատոհմ, ընտանիքի մը ողջ անդամներուն ամբողջութիւնը: Մինչդեռ ստուգաբանութիւնը կը յիշէ, թէ բառը շատ աւելի ընդարձակ էր: Տեսնելու համար «բուն գերդաստանը», պէտք է ճամբորդենք հայոց լեզուի վաղնջական ժամանակները:
«Գերդաստան»ը բնիկ հայերէն բառ է: Անոր արմատն է հնդեւրոպական «նախալեզու»ի «գերդ» բայը, որ կը նշանակէ «շուրջը ցանկապատ քաշել»: Ուստի, մեր նախահայրերը
«գերդաստան» բառով կը հասկնային ամէն ինչ, որ տոհմապետի սեփականութեան տակ է՝ հողամաս, անասուններ, ագարակ, կիներ, զաւակներ, գերիներ, ծառաներ, տան այլ բնակիչները, տունը, պարտէզը, մրգաստանը եւ այլն: Նոյն արմատէն ծագած սերնդակից բառերով, ըստ Հ. Աճառեանի, ալպանացիները կը հասկնային «ցանկապատ», փիւնիկեցիները, ինչպէս նաեւ ռուսերը՝ «քաղաք», յոյները՝ «խումբ, դէզ», լիթուանացիները՝ «փարախ», հին սլաւները՝ «պարտէզ, աւան», եւ չեխերը՝ «դղեակ, ամրոց»:
Երբ կը հասնինք Ե. դար, հայ մատենագրութեան մէջ կը տեսնենք, թէ բառը սկսած է կորսնցնելու իր նախկին ընդարձակութիւնը. անիկա միայն կը բնորոշէ «ծառայ, աղախին» կամ «կալուածք, հողեր»: Իսկ նոր յարմարութիւն է «ընտանիք» իմաստը: Իսկ դարձեալ Աճառեանի վկայութեամբ՝ Կովկասի մէջ երբեմն կը գործածեն «գերդաստուն» բառը, անոր տալով «տուն» արմատէն եկած ըլլալու յօրինուած կարծիքը:
Իր աշխատանոցին մէջ լուսանկարիչ ընկերը ուրախ է, որ բառը այժմ ունի սահմանափակ գործածութիւն: «Այլապէս, կը կատակէ ան, պիտի ստիպուէինք մէկ քառակուսիի մէջ դնել մարդուն ունեցած-չունեցածը»:
Երբ անցեալը գիտենք, ապագան գուշակելու համար, գոնէ բառերու խորհրդաւոր աշխարհին մէջ, պէտք չունինք մարգարէ ըլլալու: Ստուգաբանութիւնը յստակ կը կանխատեսէ. «գերդաստան»ը, յարմարելով մարդկային ընկերութեան զարգացման ընթացքին, պիտի շարունակէ փոքրանալ: Երբ «կորիզային» ընտանիքներու դարուն մէջ կ՛ապրինք, զարմանալի պիտի չըլլայ տեսնել, թէ մօտ ապագային «գերդաստան» պիտի կոչուին երեք-չորս հոգինոց խմբանկարներ, առաւել դիւրացնելով լուսանկարիչներուն գործը: