ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
_ Ի՛նչ պարապ մարդ է…
Այս արտայայտութիւնը մարդիկ չեն ունենար անգործ մարդոց ակնարկութիւն ընելու այնքան, որքան՝ ինքնահաւան եւ ամբարտաւան մարդոց համար, որոնք ընդհանրապէս չե՛ն նշմարեր իրենց շուրջը գտնուողները ու կամաւորապէս արտաքին աշխարհին նկատմամբ կոյր կը ձեւանան, միայն իրենք իրենց անձը տեսնելով:
Իցի՜ւ թէ ներհայեցողութիւնը ըլլար իր «ինքնատեսութեան» պատճառը: Որովհետեւ այդպիսով պիտի դիմէր մարդկային կեանքի ամէնէն ցանկալի մէկ աշխատանքին՝ ինքնասրբագրութեան: Սակայն այս նայուածքը ո՛չ թէ իր սխալները տեսնելու համար է, այլ՝ պարզապէս իր անձին «մեծութիւնը» դիտելու եւ հիանալու համար…
Աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ գտնուող գերեզմանատուները լեցուն են այնպիսի մարդոց աճիւններով, որոնք իրենց ապրած օրերուն այնպէս կը խորհէին, թէ աշխարհը առանց իրենց պիտի չի շարունակուեր:
Տակաւին չեմ կրցած բանաձեւել իրավիճակը վերոնշեալ մարդոց տեսակին, ինչ պաշտօն ալ զբաղեցուցած ըլլան անոնք իրենց կեանքին ընթացքին, սահմանելու համար հոգեբարոյախօսական եզրը նման անձերու վարմունքին: Սակայն մէկ բան բացայայտ կ՛երեւի, թէ մարդոց բոլոր խաւերուն մէջ ալ կան նման մտածողութեամբ անձեր: Այսինքն՝ անոնք ըլլան համեմատաբար ուրիշ աշխատանքներու՝ կարեւո՛ր պաշտօն զբաղեցնողներ, եւ սովորական աշխատանքներ կատարող մարդիկ: Օրինակ՝ գիտնականն ու աւելածուն, ուսուցիչն ու մատուցողը, աստղագէտն ու խոհարարը, օդաչուն եւ սակակառքի )taxi( վարորդը, բժիշկն ու ներկարարը, որոնց բոլորին գործն ալ յարգելի ըլլալով հանդերձ, ունին մակարդակի յստակ տարբերութիւններ:
Այս վերոյիշեալ տարբեր գործեր կատարողներէն անոնք, որոնք այնպէս խորհին թէ՝ իրենցմէ վերջ ուրիշ գիտնականներ պիտի չըլլան, կամ եթէ աշխարհի լաւագոյն ներկարարն ալ այնպէս մտածէ թէ՝ իրմէ վերջ աւելի լաւ ներկարար մը պիտի չգայ այս աշխարհ, բառին բուն իմաստով կը հանդիսանայ աշխարհի ամէնէն պարապ մարդը…
Զարմանալի է սակայն, որ մեզմէ ոմանց այնպէս կը թուայ, թէ այս հարցին մէջ երբեմն դէպի ձախ եւ երբեմն դէպի աջ կը թեքուինք, այսինքն երբեմն կ՛ընդունինք ճշմարտութիւնը, ըստ որուն անփոխարինելի մարդ չկայ աշխարհի մէջ, սակայն՝ միշտ ալ կշիռքի հաւասարութեան կէտին մէջ մենք մեզի կ՛ուզենք տեսնել, անձնակեդրոն ու եսակեդրոն զգացումներ սնուցանելով մեր մէջ: Սա փորձութիւն մըն է յանկարծ «ամէնէն պարապ մարդ»ը ըլլալու, զոր պէտք է փորձենք անդրանցնիլ գերագոյն ճիգով:
«Ամէնէն պարապ մարդ»ը դառնալուն յաջորդող ողբերգութիւններէն մէկն ալ այն է, որ տուեալ անձը իր կեանքի օրերուն իսկապէս կարեւոր իրագործումներ կատարած կ՛ըլլայ, սակայն վերոյիշեալ կէտին մէջ՝ ձախողած: Այսինքն՝ ինքն իր անձը անփոխարինելի համարած կ՛ըլլայ ան՝ իր կատարած աշխատանքին ի տես: Այս պարագային, իր կատարած բոլոր աշխատանքը շատ «աժան գինով պիտի վաճառուի» իր մահէն ետք: Մարդ իր կենդանութեան ո՛չ միայն արժէքաւոր գործ թողելու ետեւէն պէտք է վազէ, այլ՝ համեստութեամբ իր յաջորդներուն պէտք է կարենայ կտակել իր սկսած գործին շարունակութիւնը: Ահա հոս է անմահութիւնը, որուն կը ձգտի ամէն մարդ: Իմաստուն ծերունին՝ մտերիմ բարեկամս, այսպիսիները կը կոչէր «կաթնտու կով», որ կաթը տալէ վերջ, յանկարծ մէկ կից տալով հաւաքուած բոլոր կաթը կը թափէ գետին:
«Ամէնէն պարապ մարդ»ը ըլլալու վտանգներէն մէկն ալ սեփական անձին մասին իր ունեցած կարծիքը գաղտնի պահել չկարենալու փորձութիւնն է: Այս քննութեան մէջ յաճախ ձախողած են բազմաթիւ իսկապէս լեցուն մարդիկ, որոնցմով պիտի հպարտանային դարեր ետք եկող սերունդները: Սակայն, անոնք իրենք իրենց մասին այնպիսի մե՜ծ կարծիքներ արձանագրած են, որ յաջորդող սերունդները իրապէս ժամանակավրէպ գտած են անոնց կատարած աշխատանքը:
Հարցազրոյցներու ընթացքին, թէ՛ գրաւոր եւ թէ մանաւանդ բանաւոր՝ հեռատեսիլի վրայ կամ ձայնասփիւռի յայտագիրներու ճամբով, այս փորձութեան մէջ կ՛իյնան մարդիկ: Յանկարծ կը լսես այնպիսի մե՜ծ խօսքեր ու ապագայ հեռանկարներ, որոնք ամբողջովին կը նսեմացնեն ցարդ կատարած աշխատանքը այն մարդուն, որուն հետ կատարուած հարցազրոյցի ճամբով հաղորդավարը կը փորձէր ուղենշային դաս փոխանցել ակնդիրին եւ ունկնդիրին, կամ՝ ընթերցողին: Սակայն, ճիշդ հակառակ արդիւնքը տուաւ: Երբեմն երաժիշտներ դեռ իրենց չհնարած եղանակներուն մեկնաբանութիւնը կը կատարեն մարգարէական շունչով: Երեւակայութիւնը կամ տեսիլքը պէտք չէ՛ շփոթել իրողութեան կամ գէթ իրագործելիին հետ: Հպարտութեան փքոցը յաճախ կը պայթեցնէ ո՛չ միայն թոքերը, այլ՝ կը փճացնէ երազը: Ընդհակառակը, պէտք է փայփայել երազը եւ ո՛չ թէ զայն գովել՝ ինքնագովութեան ճամբով:
«Ամէնէն պարապ մարդ»ը դառնալու առաջին քայլը եսակեդրոնութիւնն է: Սա այն հիւանդութիւնն է, որուն միջոցաւ մարդու երեւակայութիւնը կը բազմապատկուի, եւ կը սկսի իր մէջ տեսնելու կարողութիւններ, ո-րոնք ուրիշներ չեն նկատեր իր վրայ: Ան նոյնիսկ կը զարմանայ, երբ ուրիշներ չեն տեսներ թէ ինք ի՜նչ կարողութիւններու տէր է: Այս զարմացումը փարատելու համար ան պէտք ունի միշտ յիշեցնելու շրջապատին իր ունեցած կարողութիւններուն մասին: Ուստի կը սկսի յայտարարելու իր չունեցած կարողութիւններն ու շնորհքները, այսպիսով հրապարակաւ ծանուցելով իր «ամէնէն պարապ մարդ»ը ըլլալը: Ոմանք այսպիսի անձերը նմանցուցած են մշուշի մէջ ծովը ճեղքող նաւուն, որ ստիպողաբար ճչակը կը հնչեցնէ, իր ներկայութիւնը փաստելու համար… Դեռ ասոնք այնպէս կը խորհին, թէ աշխարհ պէտք է միշտ փառք տայ, որ իրենց նման մարդիկ կան…
«Ամէնէն պարապ մարդ»ը ըլլալու փորձութիւնը կրնայ յաճախել ոեւէ մարդու: Որովհետեւ գովասանքը մէկ կողմէ եւ ինքնագովութիւնը միւս կողմէ կրնան «նեղել» ոեւէ անձ, ու ան կ՛իյնայ «ամէնէն պարապ մարդ»ը ըլլալու թակարդին մէջ:
Բարոյական վիրաբուժութիւնը ամէն օր հազարաւոր գործողութիւններ պիտի կատարէր, եթէ մարդիկ իմանային թէ իրենց մէջէն պէտք է անպայման դուրս բերուի ինքնագովութիւնը, փրկելու համար իրենց ներկայ կեանքի վարկն ու յետ մահու համբաւը, «պարապ մարդ ըլլալ»ու անխուսափելի վտանգէն: