ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– «Տաշիր» հիմնարկը 300 հազարական դրամ յատկացուցած է Հայաստանի բոլոր մանկատուներուն 2013-14 ուսումնական տարուան բոլոր 30 շրջանաւարտներուն, որոնք 19 Յունիսին «Սինեմա Սթար» շարժապատկերի սրահին մէջ ստացան իրենց դրամատնային քարտերը:
Հիմնարկի ներկայացուցիչները նշած են, որ նախորդ տարիներուն աջակցութիւն ստացած շուրջ 250 շրջանաւարտները որպէս կանոն այդ գումարները օգտագործած են նպատակային՝ հիմնականին մէջ համալսարանի կրթաթոշակի, համակարգչային սարքաւորումներու եւ կամ այլ անհրաժեշտ սարքերու համար։
Կարէն եւ Սամուէլ Կարապետեաններու ընտանիքին անունով շրջանաւարտները շնորհաւորելով՝ «Տաշիր» բարեգործական հիմնարկի ներկայացուցիչները մաղթած են, որ անոնք կարենան իրենց ուրոյն տեղը գտնել իրենց կեանքին մէջ, եւ որ իրենց իսկ անցած տարիները դաս ըլլան ապագային համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.