
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– 19 Յունիսին խորհրդարանի արտակարգ նիստ կարելի չեղաւ գումարել սկիզբը՝ օրինական մեծամասնութեան չգոյութեան պատճառով, սակայն երեք ժամուան դադարէ ետք Հանրապետական կուսակցութիւնը կրցաւ ապահովել ժողովին օրինականութիւնը եւ սկսիլ կուտակայինի փոփոխութիւններու քննարկման։
Ժողովին սկիզբը արձանագրուած էին ընդամէնը 63 պատգամաւորներ, Դաշնակցութեան, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի, «Օրինաց երկիր»ի եւ «Ժառանգութեան» իրենց օրինական ներկայութիւնը չէին արձանագրած, թէեւ Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ էին։ Ժողովը օրինաւոր նկատելու համար անհրաժեշտ է 66 պատգամաւորի ներկայութիւն։ «Առանց մեզ միշտ էլ քուորում չի լինի», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը՝ հաստատելով, որ նիստի մեկնարկին չարձանագրուիլը իրենց «հերթական տակտիկական քայլն էր»:
Խորհրդարանի նախագահը երկու անգամ ստիպուած եղաւ յայտարարելու 20 վայրկեանի դադար: Առաջին 20 վայրկեանի դադարը առաջարկեց ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանը, երբ Գալուստ Սահակեան քուէարկութեան դրաւ կառավարութեան ներկայացուցած՝ արտակարգ նստաշրջանի օրակարգը:
Երկրորդ 20 վայրկեանի դադարի առաջարկ ներկայացուցին Հանրապետականները: Նախորդ նիստի շարք մը օրէնքներ չընդունուեցան՝ ընդդիմութեան միասնական դիրքորոշման պատճառով: Անոնք նիստին չմասնակցեցան, ուստի խորհրդարանականներու անհրաժեշտ մեծամասնութիւն չգոյացաւ։
ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նկատել տուաւ, որ 200 էջնոց օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը կարելի չէ աճապարանքով բերել խորհրդարան: «Առաջացել է քաղաքական մեծամասնութեան ճգնաժամ, եւ մեղաւորներն իրենք են: Չի կարելի հաշուի չառնել ընդդիմադիր ուժերին, հասարակութեանը», ըսաւ Մինասեան:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յիշեցուց, որ նոր կառավարութիւնը կը խոստանար ականջալուր ըլլալ եւ քննարկել հարցը քաղաքական ուժերուն հետ, բայց Դաշնակցութիւնը մասնակցած է կառավարութեան հետ աշխատանքային նիստին, որուն ընթացքին մերժուած են Դաշնակցութեան առաջարկները:
«Եթէ պիտի ձեւ տրուի, թէ քննարկում է ընթանում, որին ներկայ են քաղաքական ուժերը, բայց չընդունեն նրանց որեւէ առաջարկ, ուրեմն դա չեղաւ համագործակցութիւն, դա եղաւ պատրանք ստեղծել, թէ հասարակական քննարկում է ընթանում: Մենք առաջարկներ ենք ներկայացրել, իրենք բերել են իրենց առաջարկութիւնները, մեր արգումենտներն անտեսուել են, ու կառավարութիւնը, հապճեպ նախագիծ կազմելով, բերել է արտահերթ նիստին», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առնուած պարտադիր դադարին կուսակցութիւնը սկսաւ դահլիճ բերելու իր պատգամաւորներէն ան, որ կրնար: «Մի գուցէ իրենք իրենց պատգամաւորներին վերջը քերեն-բերեն, քուորումը ապահովեն», ըսաւ ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան: 20 վայրկեան ետք մեծամասնութիւնը կրցաւ դահլիճ բերել ընդամէնը 3 հանրապետական պատգամաւոր։ Անհրաժեշտ նուազագոյն 66 պատգամաւորով նիստը վերսկսաւ, բայց քառեակը պոյքոթի իր քայլը յաջողած նկատեց։ ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան յայտնեց, որ ասկէ ետք իշխանութիւնը պիտի հասկնայ, որ «չի կարելի օրէնքներ ընդունել առանց լուրջ քննարկումների, ինչի հնարաւորութիւնը արտահերթի ռեժիմը չի տալիս»:
Պոյքոթէն ետք նիստերու դահլիճին մէջ աղմուկը չէր դադարեր. չարձանագրուած, բայց դահլիճին մէջ ներկայ ընդդիմադիրներուն ՀՀԿականները կը սպառնային դուրս դնել: Ընդդիմադիրները խորհրդակցութիւնը շարունակեցին դահլիճէն դուրս: Յետոյ լրագրողներուն տեղեկացուցին, թէ՝ «որոշել են բոյկոտել նախագծերի քննարկումը, բայց՝ ընտրողաբար»: Կուտակայինի քննարկման, օրինակ, անպայման պիտի մասնակցին, որովհետեւ այս նախագիծով առաջարկուող փոփոխութիւններն են, որոնք կը վրդովեցնեն քառեակը: Կառավարութիւնը խոստացած էր, որ փոփոխութիւններու մշակման մասնակից պիտի դարձնէ նաեւ միւս քաղաքական ուժերը, բայց խոստումը չէ կատարած. «Մենք, որպէս պատասխանատու քաղաքական ուժ, որոշել էինք, որ մեր 4 մասնագէտները կը մասնակցեն կառավարութեան աշխատանքային խմբի քննարկումներին: Մշակել էինք մեր առաջարկութիւնները, բայց պարզուեց, որ այս ամէնն անիմաստ էր, որովհետեւ կառավարութիւնը յանկարծ որոշեց, որ մեզ ընդամէնը պէտք է տեղեկացնի իր կատարած փոփոխութիւնների մասին», յայտնած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: Այսուհանդերձ, Ազգային ժողովին մէջ սկսաւ կուտակայինի փոփոխութիւններու քննարկումը, որ պիտի շարունակուի այսօր՝ 20 Յունիսին։